Սխալ է յարձակիլ Իրանի վրայ, սխալ է պատերազմը կրկին սկսիլ. Իրանը պատրաստ է կրկին բանակցելու միջուկային ծրագրի շուրջ, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։
«Իմ խորհուրդս ամերիկացի ընկերներուն հետեւեալն է՝ մէկ առ մէկ փակեցէ՛ք փաստաթուղթերը իրանցիներու հետ։ Սկսեցէ՛ք միջուկայինէն, փակեցէ՛ք այն եւ մի բանաք այն որպէս փաթեթ։ Եթէ ատոնք փաթեթով դնէք, մեր իրանցի բարեկամներուն համար շատ դժուար պիտի ըլլայ իւրացնել եւ անոնց միջով անցնիլ։ Ասիկա կրնայ անոնց համար նվաստացուցիչ թուիլ եւ դժուար բացատրելի ըլլալ ղեկավարութեան։ Եթէ մենք կարենանք իրավիճակը աւելի հանդուրժելի դարձնել, այդ պիտի օգնէ լուծման»,– նշած է Ֆիտան։