Լիբանան- Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական Սիւնոտը աւարտած է իր աշխատանքները: Մեր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն Սիւնոտոսի մասնակից Սրբազան հայրերուն անունով այսօր Պէյրութի ժամով ժամը 12:00 -ին Զմմառու Վանքէն ներս մամլոյ ասուլիս պիտի կայացուի: Բնականաբար մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պիտի յայտարարուի Սիւնոտոսին կողմէ ընտրուած Պատրիարքին անունը: «Արեւելք» պիտի հետեւի պատմական իրադարձութեան: