«Արեւելք»ի խմբագրութեան ուղարկուած թղթակցութիւնէն վերահասու դարձանք,թէ օրերս Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման ընդառաջ. մշակութային երեկոյ մը տեղի ունեցած է Զմմառու Վանքէն ներս։
Ստորեւ այդ մասին մեզի ուղարկուած թղթակցութիւնը։
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներու ծիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ դասական համերգի երեկոյ, զոր նախաձեռնութիւնն էր Զմմառու Մայրավանքի վարչական հայրերուն։ Օգոստոս 30-ի, երեկոյեան ժամը 08։30-ին, Զմմառու Վանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ դասական համերգի երեկոյ։
Համերգային ծրագիրը կ'ընդգրկէր` հայ եւ աշխարհահռչակ դասականներու` Շուպերթի, Ճորտանոյի, Բուչչինիի, Վերտիի եւ այլոց... ինչպէս նաեւ Կանաչեանի եւ Տիգրանեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները։
Ելոյթ ունեցան` Հայաստանէն ժամանած սոփրանո Մէրի Մովսիսեանը եւ Լիբանանէն՝ Թենոր Ճոնի Կէօքճեանը։
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Մարալ Հարպոյեանի բացման խօսքով։ Ան ընդհանուր ակնարկ մը ընելէ ետք երաժշտութեան եւ անոր ունեցած ազդեցութեան մասին, պահ մը հրաւիրեց բոլոր ներկաները մուտք գործելու Մալոյեանի աշխարհ՝ ուր մշակոյթն ու հոգեւոր դաստիարակութիւնը հոգեւոր կոչման զուգահեռ վառ պահած է իր կեանքին եւ գործունէութեան մէջ։ Ընթացքին, Զմմառու Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սան՝ եղբ. Փօլ Էմիշեան ընթերցեց Սուրբին խօսքերէն փունջ մը։ Իսկ Հայր Վարդան վրդ.ը արաբերէն լեզուով տեղացի հանդիսատեսին հակիրճ ամփոփեց սուրբ Մալոյեանի կեանքի ազդեցիկ դրուագները։ Ապա, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Արծիւեան երգչախումբի անդամներէն մի քանի երիտասարդներ՝ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար Նահատակ» հոգեւոր երգը երգեցին։
Ձեռնարկի աւարտին` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան խօսք առնելով` բարձր գնահատեց միջոցառումը կազմակերպողներն ու երգիչները, որոնք իրենց անզուգական` թովիչ եւ դիւթիչ ձայնով` Լիբանանահայ հանրութեան հրամցուցին բարձրորակ արուեստ։ Ան Զմմառու Մայրավանքի զանգերու ղօղանջներու ներքեւ բացագանչելով կոչ ուղղեց հայ հանրութեան նոր սկիզբի մը՝ որ ըլլայ Սարդարապատի զանգերուն հետ միասին դէպի նոր յաղթական երթի։ Ան անդրադարձաւ նոր սերունդի ճիշտ դաստիարակութեան կարեւորութեան, որպէսզի հայ ազգի ապագայի պատմութեան էջերուն մէջ ոսկէ տառերով արձանագրուին այդ յաղթանակները։
Մեծաւոր հօր "Պահպանիչ"-ով վերջ գտաւ երեկոն։