image

Զինեալ միջադէպ Երուսաղէմի մէջ. Զոհուած են 8 իսրայէլացիներ

  Զինեալ միջադէպ Երուսաղէմի մէջ. Զոհուած են 8 իսրայէլացիներ

 Երուսաղէմի  հիւսիսային հատուածին մէջ կրակոց գրանցուած է։

 

 Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու պաղեստինցի մը կրակ բացած է իսրայէլացիներու ուղղութեամբ եւ պատճառ դարձած ութը անձերու սպանութեան (կան նաեւ    տաս վիրաւորներ)։

Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը եղած է իսրայէլեան «Նաֆէ եագուպ» («Յակոբ  մարգարէ»)  սինակոկին մերձ, որմէ ետք ալ մեծ լարուածութիւն գրանցուած է ամբողջ Երուսաղէմի մէջ։

Նշենք, որ սոյն դէպքը տեղի կ՚ուենայ  երկու օր առաջ իսրայէլեան ուժերու պաղեստինեան «Ժընին» գաղթակայան ներխուժելէն ետք, ուր զոհուած էին տաս պաղեստինցիներ։

 

 Մասնաւորապէս ներկայ փուլին նման լարուածութեան գրանցումը կը յուշէ, որ Իսրայէլ-պաղեստինեան հակամարտութիւնը կը մտնէ բաւականին վտանգաւոր փուլ մը։