Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիեարթօն Եւրոմիութիւնը անուանած է ուքրանական փտածութեան գլխաւոր ֆինանսաւորողը։
Ան նշած է, որ եկար տարիներ շարունակ Ուքրանիոյ գործունէութիւնը ֆինանսաւորուած է եւրոպացի քաղաքացիներու գումարներով։ Մինչդեռ Ուքրանիոյ մէջ փտածութիւնը դուրս եկած է վերահսկողութենէ, ուստի՝ զարմանալի չէ, որ ոչ ոք դեռ տեսած է յստակ զեկոյց այն մասին, թէ ինչպէս իրականութեան մէջ ծախսուած են ԵՄ միջոցները։
«Այսպիսով, ի՞նչ կ՚ուզէ ընել Պրիւքսելը հիմա։ Աւելի շատ գումար ուղարկել Ուքրանիոյ՝ Զելենսքիին, որու մերձաւոր շրջապատը նոր բացայայտուած է որպէս հսկայական փտածութեան ցանցի ստեղծող։ Ժամանակն է վերջ դնելու այս խելագարութեան։ Մենք պէտք է դադրեցնենք եւրոպացի քաղաքացիներու փողերը Ուքրանիա ուղարկելը», - յայտարարած է Սիեարթօն։