image
Հրատապ լուրեր:

Ժագ Ճապանեանի տխուր մահը

  Ժագ Ճապանեանի տխուր մահը

Գուցէ ծանր եղան տակաւին ալ ծանր են օրերը Լիբանանի մէջ իրենց գոյատեւումը շարունակող մեր հայրենակիցներուն, եւ գուցէ այդ ծանրութեան չդիմանալով է, որ «պայթեցաւ» շատերուն սիրելի Ժագի երիտասարդ սիրտը։ 

Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։ Երիտասարդ տարիքի նոր կորուստ մը եւս գրանցուած է Ժագ Ճապանեանի անակնկալ մահով (51 տարեկան ծնեալ՝ Պէյրութ)

Այս մասին «Արեւելք» լուրը ստացաւ Ժագի հարազատներէն։

Կը նշուի, որ սովորականին պէս Ժագ կը գտնուէր Նորաշէնի մուտքին եղող ընտանեկան խանութին մէջ եւ յանկարծ զգացած է անհանգստութիւն մը։ Անմիջապէս ետք այնտեղ գտնուող ծանօթներ փութացած են հասնելու Ժագին, որ ցաւօք այդ վայրկեաններուն անցուցած է սրտիը տագնապ, որմէ կարճ ժամանակ մը ետք կորսնցուցած է իր երիտասարդ կեանքը։ 

Նորաշէն շրջանին մէջ հասակ առած Ժագը սիրուած էր եւ բոլորին կողմէ կը համարուէր «Թաղի տղան»։

Ան պատրաստ եղած է հասնիլ բոլորին, մեծին ու փոքրին ու նաեւ օգնութիւն տրամադրել բոլոր անոնց, որ կարիքն ունին օգնութեան։

Իրենց դեռատի հասակները «գամբ» շրջանին մէջ հասցուցած տղաք, որոնք անցած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարբեր փուլերէն միշտ ալ հաւատացած են, որ Լիբանանը պիտի ապրի պայծառ օրեր։ 

Սակայն ցաւօք եղած է միշտ հակառակը եւ այսօր Լիբանանի ապրած ծանրագին ժամանակները ծանր կը նստին, մանաւանդ անոնց հոգիներուն վրայ, որոնք ունին ընտանիքի պարտականութիւն, պատրաստակամ են եւ ամբողջութեամբ նուիրուած են իրենց ընտանեկան օճախներուն։

Ժագը հաւանաբար անձ մըն է, որ հանրային ոլորտին մէջ մեծ անուն չի համարուիր, բայց եւ այնպէս իր համեստութեամբ, զոհողութիւններով եւ պարզ հայու մը կարճ կենսագրականով ու տխուր մահով պիտի շարունակէ մնալ բոլոր անոնց մտքերուն մէջ որ մօտէն ճանչցած են զինք։

Գուցէ ծանր եղան տակաւին ալ ծանր են օրերը Լիբանանի մէջ իրենց գոյատեւումը շարունակող մեր հայրենակիցներուն, եւ գուցէ այդ ծանրութեան չդիմանալով է, որ «պայթեցաւ» շատերուն սիրելի Ժագի երիտասարդ սիրտը։ 

 

 

 Հոգիին՝ լոյս։