image

Զելենսքին ՆԱԹՕ-ի Քարտուղարին հետ քննարկած է Ուքրանիոյ տրուելիք անվտանգութեան երաշխիքները

Զելենսքին ՆԱԹՕ-ի Քարտուղարին հետ քննարկած է Ուքրանիոյ տրուելիք անվտանգութեան երաշխիքները

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հեռախօսազրոյց ունեցած է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ։ Այս մասին Զելենսքի յայտնած է իր Telegram ալիքով։

Ուքրանիոյ պետութեան ղեկավարի խօսքով՝ զրոյցը «շատ բովանդակալից» եղած է եւ վերաբերած է Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներուն ուղղուած աշխատանքներու արագացման։

«Կարեւոր է աւելի արագ աշխատիլ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներուն ուղղութեամբ։ Կարեւոր է Ամերիկայի հետ միասին հնարաւորինս արդիւնաւէտ ըլլալ։ Կարեւոր է ամրապնդել մեր օդային պաշտպանութիւնը»,–ընդգծած է Զելենսքի։

Ան աւելցուցած է, որ Ուքրանիան եւ ՆԱԹՕ-ն պիտի շարունակեն համակարգել ջանքերը դիւանագիտական ոլորտին մէջ։ «Փութին կը ձեւացնէ, թէ իրեն խաղաղութիւն պէտք չէ, թէ բանակցութիւններ պէտք չեն, բայց իրականութեան մէջ աշխարհի ճնշումը կրնայ ձեւաւորել Ռուսիոյ շահագրգռութիւնը՝ պատերազմը դադրեցնելու հարցով։ Շնորհակալութիւն բոլորին, որոնք կ՚օգնեն»,–նշած է նախագահը։