image

Զելենսքի Ուքրիանոյ կրած վնասներուն մասին խօսեցաւ

Զելենսքի Ուքրիանոյ կրած  վնասներուն մասին խօսեցաւ

Ռուսական յատուկ գործողութեան հետեւանքով Ուքրանիոյ կորուստները կը գնահատուին 550 միլիառ տոլար, ըսած է Վոլոտիմիր Զելենսքին:

«Շատ նախնական գնահատականներով` Ուքրանիան աւերածութիւններու հետեւանքով վնասած է 550 միլիառ», ըսած է Զելենսքին ԱՄՀ-ի եւ Համաշխարհային դրամատան գարնանային նստաշրջանի միջոցառումներու ծիրին մէջ կլոր սեղանի ժամանակ:

Ան ըսած է, որ տնտեսութիւնը վերականգնելու համար Ուքրանիոյ անհրաժեշտ է ամսական մինչեւ 7 միլիառ տոլար: «Ձեր աջակցութեամբ մենք արագ պիտի վերակառուցենք մեր ազգը, ինչ որ կը նշանակէ առեւտրային նոր հնարաւորութիւններ տարբեր երկիրներէ», ըսած Ուքրանիոյ նախագահը: