image

Զատուլին հանդիպած է Ռոպերթ Քոչարեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ, այցելած՝ Ջերմուկ

Զատուլին հանդիպած է Ռոպերթ Քոչարեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ, այցելած՝ Ջերմուկ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Կոնսթանթին Զատուլին այցելած է Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով տուժած Ջերմուկ քաղաք:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Զատուլին տեղեկացուցած է «Թելեկրամի» իր պաշտօնական էջին զետեղուած հաղորդագրութեամբ:

Այցի ընթացքին պատգամաւորը հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ: Հանդիպում տեղի ունեցած է նաեւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ։