Այսօր՝ 14 յուլիսին, Զամպիայի մէջ մահացած է մեծ հայրենասէր, մարդասէր եւ բարերար փրոֆէսոր Գրիգոր Երզնկացեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
Երզնկացեան ծնած է Եթովպիոյ մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ընտանիքի մէջ:
Փրոֆեսոր Երզնկացեան յատուկ մարդասիրական առաքելութեամբ առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1988-ի երկրաշարժի տարին, որմէ ետք ան, առանց բցառութեան, ամէն տարի յաճախած է Հայաստան եւ Արցախ, ի մասնաւորի՝ Շուշի, ուր իրականացուցած է վիրաբուժական եւ բարեգործական գործունէութիւն:
Վաստակաշատ փրոֆէսորը իր կեանքը նուիրած է Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ափրիկէի բժշկութեան ոլորտի զարգացման, վիրաբոյժներու ուսուցման, որակեալ մասնագէտներ պատրաստելուն եւ իր մասնագիտական փորձը անոնց փոխանցելուն:
Ան իր բազմամեայ գործունէութեան եւ վիրաբուժութեան ոլորտին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար արժանացած էր Իրլանտայի Վիրաբոյժներու Թագաւորական Քոլէճի բարձրագոյն պարգեւին՝ պատուաւոր անդամի կոչման:
Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր եղբայրներուն եւ քրոջ՝ լոնտոնահայ Ռոզէթ Ուզունեանին եւ ամուսնոյն՝ Վարդան Ուզունեանին: