Օրերս, Իրաքի Զախօ քաղաքաին մէջ, Հանդիսապետութեամբ տեղի Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, յընթացս Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցած է նորակառոյց Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբեթի եւ զանգակատան վրայ տեղադրելիք խաչերու օծման արարողութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի հայոց Առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ առաջնորդարանի դիմատետրեան էջին եղած գրառումը։
Նախապէս ճշդուած ծրագրի համաձայն, Կիրակի օր, 2024 թուականի Յունուարի 28ին հոգեպարար արարողութիւն կատարուեցաւ Զախոյի մէջ։ Հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի` նախ Ս. և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ պատարագիչն էր արժ. Տ. Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանը։ Յընթացս Սուրբ Պատարագի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագի նոր զգեստ մը օրհնելէ ետք` զայն յանձնեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորանշանակ հովիւ Տ. Յակոբոս քահանային, մաղթելով անոր ոյժ և աննկուն կամք, հաստատ մնալու իր առաքելութեան մէջ և իբրեւ քաջ հովիւ` իրեն վստահուած հօտը բարւոք առաջնորդելու։
Պատարագէն ետք Սրբազան Հայրը թափօրի և հաւատացեալ ժողովուրդի ուղեկցութեամբ ուղղուեցաւ դէպի յարակից վայրը ուր աւարտին հասած է նորակառոյց եկեղեցին և առատ անձրեւի տակ օծումը կատարեց Եկեղեցւոյ գմբեթի և զանգակատան վերև տեղադրելիք խաչերու։ Սրբազան Հօր հրաւէրին ընդառաջելով, օծման արարողութեան մասնակցեցաւ Զախոյի Քաղդէացւոց Առաջնորդը։
Այս հոգեպարար արարողութեանց մասնակցեցան Հոգեւորականաց դասը, ՀՀ Դեսպանութեան հաւատարմատարը և Պաղտատի ու Էրպիլի հիւպատոսները, Աւզրուկի, Հաւրէզքի, Էրպիլի և Զախոյի Թաղական Խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները նաև Տհօքի Թաղականութեան ներկայացուցիչը։ Ներկայ էին նաև հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն, որոնք ոգեշնչուած և գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց տուները։