image

«Զախարովան իմ ասածս պէտք է ականջի օղ անի». Փաշինեան

«Զախարովան իմ ասածս պէտք է ականջի օղ անի». Փաշինեան

Ես չեմ գիտեր, թէ արտաքին գործոց նախարարութեան որ ներկայացուցիչը նման յայտարարութիւն ըրած է, բայց Ռուսիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչը իմ զրուցակիցը չի կրնար ըլլալ.  Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահն է իմ զրուցակիցը եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետը: Այս մասին 24 մայիսին, ԱԺ-ի մէջ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի յայտարարութիւններուն:

«Նոյնիսկ ՌԴ-ի նման յարգելի եւ բարեկամ երկրի ԱԳՆ ներկայացուցիչը իմ ասածը չի կարող մեկնաբանել, ինքը պէտք է պարզապէս իմ ասածն ականջին օղ անի»,- աւելցուցած է Փաշինեան:

Նշենք, որ Մարիա Զախարովան մեկնաբանած էր ՀՀ վարչապետի յայտարարութիւնը, թէ ՀԱՊԿ-ը (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) հեռացած է կամ կը հեռանայ Հայաստանէն: Ան նշած է, որ ՀԱՊԿ գործունէութիւնը կը համարէ շատ արդիւնաւէտ եւ այդ առումով ինքզինք շատ լաւ դրսեւորած, սակայն իւրաքանչիւր երկիր ունի կառոյցի գործունէութիւնը գնահատելու իր իրաւունքներն ու հնարաւորութիւնները:

«Ես չեմ հասկնար, թէ տեխնիկապէս ինչպէս այդ ամէնը կը պատկերացնեն, եւ մենք բազմիցս խօսած ենք այդ մասին: Եթէ սա խօսքի ձեւ է, ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս ելլելու վերաբերեալ դիրքորոշումը ճնշելու համար, ուրեմն, ես կը կարծեմ, պէտք է հասկնալ խօսքերը շահարկելու ողջ վտանգը։ Ինչպէ՞ս կրնայ ՀԱՊԿ դուրս ելլել Հայաստանէն․․․մենք այդ մասին խօսած ենք։ Այնքան ալ հասկնալի չէ, թէ ինչի մասին է խօսքը», - նկատել տուած է Զախարովա։