image

Յովհաննէս Պօղոս առաջին Պապը՝ Երանելի Պապ վերակոչուեցաւ

Յովհաննէս Պօղոս առաջին Պապը՝ Երանելի Պապ վերակոչուեցաւ

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոս Առաջինը երանելիներու շարքին դասած է Յովհաննէս Պողօս I-ը, որ յայտնի էր որպէս «ժպտացող պապ», որու մահը Հռոմի կաթոլիկներու ղեկավարի պաշտօնին 33 օր գտնուելէ ետք բազմաթիւ շահարկումներու եւ բամբասանքներու առիթ տուած է, գրած է The Guardian-ը։

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած արարողութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոսը բարձր գնահատած է Յովհաննէս Պօղոս I-ի կարճ, բայց ուրախ պաշտօնավարումը։

«Յովհաննէս Պօղոս պապը ժպտալով կարողացաւ մեզի հասցնել Տիրոջ բարութիւնը»,- ըսած է ան ժամերգութեան ժամանակ։

Յովհաննէս Պօղոս I-ը, որու աշխարհիկ անունը Ալպինո Լուչիանի էր, ծնած է 1912թ. 17 հոկտեմբերին Իտալիոյ հիւսիսային Քանալէ տ՛Ակորտօ քաղաքը, դարձած է Վենետիկի պատրիարք, քարտինալ, իսկ յետոյ՝ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովուապետ։

1978թ. 26 օգոստոսին պապ ընտրուելէ ետք անոր նոյն թուականի 28 սեպտեմբերին անկողնին մէջ մեռած գտած են Վատիկանի իր բնակարանին մէջ։

Չնայած Վատիկանը յայտարարած էր, թէ Յովհաննես Պօղոսը մահացած է սրտի կաթուածէ, հակասական վարկածներ հնչած են այն հանգամանքներու վերաբերեալ, որոնց մէջ յայտնաբերուած է անոր մարմինը։

Չնայած սկիզբը հաւաստիացուած էր, որ անոր յայտնաբերած է այն հոգեւորականը, որ անոր քարտուղարն էր, աւելի ուշ ընդունուած է, որ պապը մեռած գտած է միանձնուհիներէն մէկը, որ անոր առաւօտեան սուրճ տարած է։

Հաշուի առնելով այդ ժամանակ Իտլիոյ մէջ ծաւալած ֆինանսական սքանտալը՝ այնպիսի մարդոց մասնակցութեամբ, որոնք կապ ունէին Վատիկանի դրամատան հետ, աշխարհիկ լրատուամիջոցներուն մէջ արագ տեղ գտան կասկածներն այն մասին, թէ Յովհաննէս Պօղոսին թերեւս, թունաւորած են, քանի որ ան մտադիր էր պարզել իրաւախախտները։

Անոր մահուան հանգամանքները շահարկող գիրքերը կը վաճառուին միլիոնաւոր օրինակներով։