image

Յունաստանի վարչապետ. «Մենք սպառազինութեան մրցումի ելած չենք»

Յունաստանի  վարչապետ. «Մենք սպառազինութեան մրցումի ելած չենք»

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս, անդրադառնալով յունական նաւատորմի համալրման ծիրէն ներս Ֆրանսայի հետ կնքուած ռազմանաւերու պայմանագրին, նշած է, որ իրենք մտադրութիւն չունին Թուրքիոյ հետ սպառազինութեան մրցավազքի մէջ մտնելու։

Աթէնքի ժողովրդավարութեան համաժողովին ամերիկացի լրագրողի հարցին ի պատասխան՝ Յունաստանի վարչապետը մեկնաբանած է նաեւ պայմանագրին մէջ տեղ գտած «փոխադարձ օգնութեան» վերաբերեալ կէտը։ Ան շեշտած է, որ վերոյիշեալ յօդուածին համաձայն երկու երկիրներէն մէկուն վրայ յարձակման պարագային միւսը կը պարտաւորուի օգնութիւն ցուցաբերել դաշնակիցին։

«Ըստ ինծի, այս ռազմավարական համագործակցութիւնը Եւրոպայի մէջ գործող պայմանագրերուն մէջ տեղ գտած փոխօգնութեան յօդուածէն աւելի է։ Յօդուածի ձեւակերպումը, ըստ ամենայնի, աւելի ուժեղ է եւ կը մատնանշէ այն կարեւորութիւնը, որ Ֆրանսան աւելի լայն առումով կու տայ Արեւելեան Միջերկրականին», ընդգծած է Միցոթաքիս։

Նշենք, որ Յունաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ստորագրուած նոր պաշտպանական պայամանագրի ծիրէն ներս Յունաստանը երեք նոր պահակային ծառայութեան ռազմանաւ պիտի գնէ Ֆրանսայէն։ Ըստ ֆրանսական մամուլին՝ նոր պայմանագիրը 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ է, իսկ ըստ թրքական մամուլին՝ 3 միլիառ։