Պոլսոյ Կեդրոնական պատմական վարժարանը այս տարի եւս մեծ յաջողութեամբ կազմակերպած է աշխարհահռչակ լուսանկարիչ եւ իր նախկին շրջանաւարտ Արա Կիւլէրի անուան լուսանկարչական մրցումը։ Արդէն 14-րդ անգամ իրականացուող այս նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցած է «100 տարուան լիսէներ» ծրագրի ծիրէն ներս, իսկ այս տարուան մրցումին նիւթը «Իսթանպուլ»ն էր՝ իր բազմերանգ համայնապատկերներով ու գրաւչութեամբ։ Մրցումը կազմակերպուեցած էր «Արա Կիւլէր» թանգարանի աջակցութեամբ։
Պոլոսյ «Ժամանակ»էն կը կարդանք՝
Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ իր անմոռանալի սաներէն՝ աշխարհահռչակ անմահ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած լուսանկարչութեան աւանդական մրցոյթը: Իր նմաններու շարքին տասնչորրորդն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր՝ մասնակցութեամբ շուրջ տասնհինգ վարժարանի: «Դարաւոր լիկէոններու» մասնակցութեամբ նախատեսուած այս մրցոյթի նպատակն է՝ լիսէական երիտասարդներու աչքով ընկալուած Իսթանպուլը բիւրեղացնել: Առաջին իսկ տարիէն ի վեր այս մրցոյթի նիւթն է Իսթանպուլ քաղաքը:
Երէկ, Կեդրոնական վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան մրցոյթի եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Դպրոցի պատմական սրահին մէջ ոգեւոր մթնոլորտ մը ստեղծուած էր՝ բազմաթիւ հիւրերու ներկայութեամբ: Այսպէս, մրցոյթի մասնակից վարժարաններէն աշակերտներ եւ կրթական մշակներ հիւրընկալուեցան Կեդրոնականի ընտանիքին կողմէ: Ներկաներու շարքին էին Արա Կիւլէրի թանգարանի պատասխանատուներէն Եասեմին Էօզիւյէ եւ Թեմէլ Եըլմազ:
Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Կեդրոնականի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, կրթական մշակներն ու աշակերտութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները:
Հանդիսութեան բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց դպրոցի փոխ-տնօրէն Արմէն Սարուխանեան: Ներկաները հետեւեցան Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած տեսանիւթի մը, որով զգացումներու տարափ մը ստեղծուեցաւ սրահէն ներս: Ապա արտայայտուեցաւ Սիլվա Գույումճեան, որ ուրախութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան հերթական անգամ յաջողութեամբ պսակուած ըլլալուն համար:
Մրցոյթի դատակազմին մէջ էին՝ Չաղլա Սարաչ, Տայք Տանձիկ, Հիւրիւ Էօզլիւք, Գրիգոր Սահակօղլու, Ռեֆիք Պիւլենտ Աքյիւզ եւ Սեչքին Թերճան: Դատակազմի այն անդամները, որոնք ներկայ էին սրահին մէջ, արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը: Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան: Մկրտիչ Արծիւեան, որ կը գլխաւորէ Կեդրոնականի նկարչութեան ակումբի աշխատանքները, ներկաներուն հետ բաժնեց իր զգացումները:
Արա Կիւլէրի թանգարանին ներկայացուցիչներն ալ արտասանեցին սրտի խօսքեր՝ մանաւանդ, որ դափնեկիր աշակերտներուն համար բերած էին յիշատակներ:
Այս տարուան մրցոյթին շուրջ հարիւրյիսուն դրուագ առաջադրուած էր լիսէական աշակերտներու կողմէ: Դատակազմը բծախնդիր արժեւորում մը կատարած էր անոնց պարագային: Արդիւնքին, մրցոյթի այս տարուան դափնեկիրները հանդիսացան հետեւեալները.
Առաջին՝ Այշէ Պայ (Գերմանական լիսէ), երկրորդ՝ Գարէն Թիլտա Ապաճը (Սահակեան-Նունեան լիսէ) եւ երրորդ՝ Քաան Սավէր (Իտալական լիսէ):
Մանսիոնի արժանի դասուած էին՝ Արման Պարլաք (Կեդրոնական), Զէյնէփ Նշան (Սեն-Պէօնուա ֆրանսական լիսէ) եւ Այշէ Պայ (Գերմանական լիսէ):
Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին Կեդրոնականի սաները հանդէս եկան նաեւ դաշնամուրի նուագներով, որոնք տարբեր խորք մը վերագրեցին ձեռնարկին՝ վառ տպաւորութիւն գործելով ներկաներուն վրայ:
Հանդիսութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր դափնեկիրները շրջապատուեցան ջերմօրէն, ընդունելով շնորհաւորանքները: