image

Նաթանիահու մեծ տագնապի մը առջեւ

Նաթանիահու մեծ տագնապի մը առջեւ

Իսրայէլ մեծ քննութեան մը առջեւ 

Ի՞նչ հունի մէջ է Մերձաւոր Արեւելքը, մանաւանդ Իսրայէլի «ձեռք ձգած» նոր «կանաչ լոյս»էն ետք։ 

Հարցադրումը տեղին է ու կարեւոր, որովհետեւ երկու տարուան արիւնալի պատերազմէն ետք Նաթանիահուի կառավարութիւնը կարծէք ձեռք ձգած է որոշակի համաձայնութիւն մը ամբողջական ներխուժում իրականացնելու Կազայի ուղղութեամբ։ 

Ի հեճուկս Եւրոպական երկիրներու մեծ վերապահութեան ԱՄՆ այս փուլին իր անվերապահ աջակցութիւնը ցոյց կուտայ Իսրայէլին մինչեւ «վերջ» երթալու Կազայի մէջ։ Կարեւոր հարցումը այստեղ, որ կը պարզուի այն է, թէ իսրայէլեան այս համատարած գրոհումը պիտի դառնայ «վախճան»ը «Համաս» շարժումին, որ յայտնուած է բաւականին դժուարին դրութեան մը մէջ։

Միւս կողմէ ակներեւ է նաեւ, որ Իսրայէլ ամբողջական ներուժ մը ունի կռուելու բազում ուղղութիւններու դէմ։ Այդ ուղղութիւններուն «ամենավառ»ն ու ցցունը Եմէնի ուղղութիւնն է, որուն «Հուսի» զինեալները տարբեր առիթներով կը փորձեն որոշակի մտահոգութիւն մը դառնալ Իսրայէլի գլխուն։ 

Կայ անշուշտ Լիբանանի պարագան, ուր թուլացած «Հըզպալլա»ն կը շարունակէ իր հռետորաբանութիւնը, յաճախ ալ փորձելով «խառնել» երկրի ներքին գետինը։ 

Այս բոլորը անշուշտ կը լեցնեն շրջանի «պարապութիւն»ը եւ կերպով մը կը խօսին այն մասին, որ մօտիկ ապագային Մերձաւոր Արեւելքը պիտի «չպարգեւուի» ամբողջական խաղաղութեամբ մը։

Բոլորը կը փորձեն ժամանակ շահիլ, ու այստեղ ամէնէն աւելի վտանգուած է Իսրայէլի վարչապետի «քաղաքական ապագան»։ Այն իմաստով , որ եթէ Նաթանիահու չկարողանայ ամբողջական կերպով լուծել «Համաս»ի հարցը, ու ստիպուած ըլլայ դադրեցնել Կազայի դէմ իր այս նոր ու վերջինը համարուած գործողութիւն-գրոհումը, ապա այդ ժամանակ Նաթանիահու պիտի դառնայ թիրախ քաղաքական մեծ հարուածներու։ Երկրի քաղաքական ընդդիմութիւնը, որ իր ակռաները սրած կը սպասէ յարմար ժամանակի մը իր ամբողջ ներուժը մէջտեղ պիտի հանէ ու փորձէ տապալել Իսրայէլի այս «տժգոյն» կառավարութիւնը։ Ու խորքին մէջ, այստեղ է թաղուած «շան գլուխ»ը, որովհետեւ այս հանգրուանին խելքէ վեր բան պիտի համարուի Նաթանիահուի կողմէ զիջումի երթալու իւրաքանչիւր փորձ կամ նոյնիսկ քայլ։ Իսրայէլացիներու մեծամասնութիւնը կը սպասէ յարմար առիթի մը, վերջնական հարուած տալու այս կառավարութեան, որուն «Համաս»ի դէմ մղած այս պատերազմը մինչեւ այս պահը յստակ արդիւնքներ չտուաւ...։

 

Քաթարի գագաթը. Բազում դատապարտում վասն ոչինչ 

Քաթարի ուղղութեամբ եղած յարձակումէն ետք, Մերձաւոր արեւելքի արաբական եւ իսլամական երկիրներ Տոհայի մէջ գագաթաժողով մը գումարեցին։

Քննարկման գլխաւոր նիւթը իսրայէլեան հարուածն էր ու նաեւ դատապարտումը՝ այդպիսի արարքի մը, որ կը խախտէ Միջազգային ընդունուած բոլոր օրէնքները ու նաեւ ոտնակոխ կընէ դիմացի երկրին՝ այս պարագային Քաթարի ինքնիշխանութիւնը։

Ինչ զարգացումներու կարելի է սպասել, մանաւանդ որ արաբական աշխարհի ամենազդեցիկ երկիրները անոնց շարքին Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա վարժ դարձած են- եւ այս երկար ժամանակէ ի վեր- դատապարտումէ մը աւելին չընել ու դատապարտելէ ետք ալ շարունակել իրենց «ամեհի» լռութիւնը։

Միւս կողմէ, ինչպէս հասկնալ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այս ժողովին։ Արաբները ակնկալիք ունի՞ն Թուրքիայէն եւ աւարտին ի՞նչ կեցուածքներ սպասել՝ Իրանէն եւ Ատրպէյճանէն։

Քաթարի ուղղութեամբ Իսրայէլեան հարուածէն ետք, Տոհայի մէջ գումարուած գագաթաժողովը նոր էջ մը չբացաւ․ դարձեալ հնչեց՝ դատապարտում, բայց երեւելի չդարձաւ որեւէ ռազմավարական նոր քայլ։ Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա, իբրեւ ամենազդեցիկ արաբական երկիրներ, երկար տարիներէ ի վեր վարժուած են միայն խօսքով արձագանգելուն՝ առանց գործնական ճնշումի։ Այս փուլն ալ, կը թուի, պիտի մնայ նոյն ձեւաչափին մէջ․ «բարձրաձայն դատապարտում» եւ յետոյ՝ ամեհի լռութիւն։

Թուրքիոյ ներկայութիւնը այլ երանգ տուաւ գագաթաժողովին։ Անգարա կը փորձէ ցոյց տալ, թէ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու պարագային առանց իր մասնակցութեան լուծում չկայ։ Արաբական աշխարհը որոշ ակնկալիք կրնայ ունենալ Անգարայէն՝ մանաւանդ հրապարակային ճոռոմ խօսքերու մակարդակով։ Բայց գործնական գետնի վրայ շատ հաւանական չէ, որ Թուրքիան պատրաստ ըլլայ որեւէ «ցնցիչ» քայլի։

Իրան եւս պիտի շարունակէ իր երկակի կեցուածքը՝ խստալեզու յայտարարութիւններով ամրացնելով հակաիսրայէլեան դիրքորոշումը, բայց գործնական դաշտին մէջ մնալով զգուշաւոր։ Իսկ Ատրպէյճան, որ վերջին տարիներուն սերտ կապեր ունի Իսրայէլի հետ, դժուար թէ պատրաստ ըլլայ միանալ խորքային հակաիսրայէլեան ճամբարի մը։

Արդիւնքը՝ գագաթաժողովը դարձեալ կը մնայ «խօսքի ճակատ»ի վրայ։ Իրական զսպիչ ուժ՝ ո՛չ Իսրայէլի, ո՛չ ալ տարածաշրջանային նոր հրդեհներու դէմ, կը նշմարուի։

 

Իսրայէլ կը մերժէ «ցեղասպանութեան» մեղադրանքը

Իսրայէլին դէմ կը հնչեն ցեղասպանութեան մեղադրանքներ՝ Կազայի մէջ իր երկամեայ պատերազմին պատճառով , որու հետեւանքով ալ ըստ տեղական իշխանութիւններու զոհուած են 64,000 անձէ աւելի պաղեստինցիներ։ 

Թել Աւիւը կ՛ըսէ, թէ կ՛օգտագործէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ի «Համաս»ի յարձակման դէմ , որուն ընթացքին սպաննուած էին շուրջ 1200 իսրայէլցիներ եւ գերեվարուած 251 անձեր։

Նոյն ուղղութեամբ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանեահու կը յայտարարէր, որ Քաթարի մէջ գտնուող «Համաս»ի ղեկավարները «պիտի հեռացուին կամ պիտի կանգնին արդարադատութեան առջեւ»։ Ըստ անոր , անոնց «գոյութիւն»ը գլխաւոր խոչընդոտն է պատանդներու ազատ արձակման եւ պատերազմի աւարտին։

Քաթարը Իսրայէլը կը մեղադրէ խաղաղութեան ջանքերը խափանելու եւ «պետական ահաբեկչութիւն» գործադրելու մէջ։ Ի դէպ իսրայէլեան յարձակման ընթացքին սպաննուած էր նաեւ Քաթարի անվտանգութեան ծառայութեան անդամ մը։ Այնուամենայնիւ, Տոհա կը շարունակէ միջնորդի իր դերը Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու կողքին։

ԱՄՆ նախագահ Թրամփ, իր կողմէ, դժգոհութիւն կարտայայտէր Իսրայէլի գործողութիւններէն՝ զանոնք անարդիւնաւէտ համարելով։ Ան կը նշէր, որ Քաթար «մօտիկ դաշնակից» է եւ չպէտք է կրկնուի նման յարձակում մը անոր հողին վրայ։

Մինչդեռ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իսրայէլի դեսպանատան ներկայացուցիչ մը կը կանչէր իր մօտ եւ Նաթանեահուի յայտարարութիւնները «թշնամական» կը համարէր։ Էմիրութիւնները կ՚ընդգծէին, որ Քաթարի կայունութիւնը անմիջական կապ ունի Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի բոլոր երկիրներու ապահովութեան հետ։ Սէուտական Արաբիան իր հերթին կը կրկնէր ըսելով, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու փուլը պիտի «չբացուի» առանց անկախ Պաղեստինեան պետութեան մը ստեղծման։

 

Նաթանիահուի ճակատագիրը... հարուածի տակ 

Իսրայէլ այսօր կ՛անցնի իր ամենաբարդ եւ խառնակ փուլերէն մէկը։ Երկու տարուան պատերազմէն ետք Բենիամին Նաթանիահուի կառավարութիւնը կը փորձէ համոզել , թէ Կազայի դէմ կատարուող լայնածաւալ գրոհները պիտի ըլլան վճռական եւ բերեն վերջնական լուծում։ Սակայն իրականութեան մէջ Նաթանիահուի քաղաքական վիճակը աւելի խոցելի է քան երբեք։ Արտաքուստ անոր կը թուի որ ունի ամերիկեան անվերապահ օժանդակութիւն մինչեւ վերջ երթալու համար բայց ներքաղաքական դաշտին մէջ ամէն օր, կուտակուող դժգոհութիւնները կը սպառնան իր իշխանութեան։ Եթէ զինուորական գործողութիւնները չտան շօշափելի եւ հաւաստի արդիւնք ապա Իսրայէլի վարչապետին քաղաքական ապագան կրնայ փլուզուիլ նոյնքան արագ որքան զինուորական ճակատը՝ բազմաթիւ կողմերէ։ Մարդասիրական ճգնաժամի խորացումը եւ միջազգային քննադատութեան ալիքը կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ Իսրայէլը քիչ քիչ կ՛երթայ դէպի մեկուսացում եւ դիւանագիտական թուլացում։ Այս պայմաններուն մէջ Նաթանիահուի իշխանութիւնը կախուած է երկու առանցքներէ ՝ զինուորական յաջողութեան արագութենէն եւ ամերիկեան աջակցութեան տեւողութենէն։ Առանց առաջինին ան չի կրնար «իր» ժողովուրդն ու ընդդիմութիւնը համոզել իսկ առանց երկրորդին ան չի կրնար արտաքին ճնշումներուն դիմագրաւել։ Ահա թէ ինչու այսօր Նաթանիահուի ամէն քայլ կը կշռուի որպէս քաղաքական գոյատեւման ճիգ եւ իւրաքանչիւր սխալ կրնայ վերածուիլ փշրող հարուածի մը, որ կրնայ քարուքանդ ընել, անոր «քաղաքական ապագա»ն։ 

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...