image

Յոբելինական եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ Պատարագ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան 35-ամեակին առթիւ

Յոբելինական եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ Պատարագ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ  բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան 35-ամեակին առթիւ

Կիրակի 5 Հոկտեմբեր 2025-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 35 ամեակի բարեբաստիկ առիթով հանդիսաւոր  Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին  մէջ, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, առընթերակայութեամբ՝ Կլէնտըլի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քանահայ Մարգարեանի եւ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանի։ Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանի համատեղութեամբ Մայր Տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Ստեփան Սրկ․ Գոզումեանին։ Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տէր եւ Տիկին Տէրիք Ղուկասեան, Թեմական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որոնք եկած էին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելու Սրբազան Հօր։

Արժանի է ըսելու, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան իր առաքելութիւնը ի կատար կ՛ածէ շէն եւ պայծառ պահելու Մայր Եկեղեցին, որ մշտապէս Սուրբ Հոգիի կենարար շնորհները կը բաշխէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի իր հաւատացեալ ժողովուրդին։ Յոբելեար Սրբազանը իր կեանքը, պատանի տարիքէն սկսեալ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեսիլքով, նուիրած է Քրիստոսի Եկեղեցիին՝ ջերմ հաւատքով, հոգեւոր եւ իմացական բազում շնորհներով եւ անյոգնաբեկ աշխատանքով, մնալով միշտ ազնիւ մտքի եւ ջերմ սրտի հոգեւոր մարդ, Սուրբ Աւետարանի հաւատարիմ զինուոր, հոգեշէն դաստիարակ ժողովուրդի եւ նաեւ գրական մշակ, հեղինակ բազում երկերու, բանաստեղծական ու միաժամանակ գիտական շունչով յօրինուած։ 

Յիշատակութեան եւ յարգանքի արժանի եւ յոյժ գնահատելի է մանաւանդ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր վերջին երկու տասամեակներու հարուստ վաստակը իբրեւ եռանդաշատ Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի, որ առաւել կազմակերպուեցաւ եւ  առաւել շէնացաւ շնորիւ երախտարժան իր շինարար բազմաթիւ իրագործումներուն։ Մեծապէս ուշագրաւ են նաեւ բազմավաստակ Առաջնորդի հաւատարիմ եւ հոգատար ծառայութիւնները ի պայծառութիւն Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռին։ 

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Յոբելեար Սրբազանը իր պատգամը փոխանցեց, ընտրելով Պօղոս Առաքեալի նամակներէն քաղուած հետեւեալ նախադասութիւնը․- «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէք դուք ձեզ` Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ՞ պարզապէս Իր անունը կը կրէք» (Բ. Կորնթ.  13:5): Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Առաքեալին այս պատգամը հրաւէր է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար՝ աղօթքի առաջնորդութեամբ կատարելու արդար քննութիւնը մեր հոգեւոր կեանքին, եւ տեսնելու, թէ` ինչքանո՞վ  կ’ապրինք քրիստոնէական հաւատքը: «Քննել մեր ներքին աշխարհը կը նշանակէ յիշել մեր խօսքերն ու արարքները, մեր կեանքի ընթացքը, վերլուծել առնուած քայլերը, տեսնելու, թէ` որքանո՞վ կ’արտացոլեն հաւատքի գիտակցութիւնը, որը փիլիսոփայութիւն չէ, այլեւ կեանքի ընթացք մը» շեշտեց Սրբազանը, որուն համաձայն, Պօղոս Առաքեալին «Քննեցէք դուք ձեզ, տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք» հարցումին կը պատասխանենք  այն ատեն, երբ աղօթքի մէջ կը հաստատենք մեր անձերը։ Սրբազանը ըսաւ․- «Ուր որ ալ կը գտնուինք, տանը, թէ ի մասնաւորի Աստուծոյ տանը՝ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին մէջ,  որպէսզի ուղիղ կապի մէջ ըլլանք Աստուծոյ հետ, մեր սրտի ծալքերը բանանք Անոր առջեւ եւ անկեղծ խոստովանութեամբ մենք մեզ ներկայացնենք Անոր՝ մեր հոգեւոր վերածնունդը ապահովելու բարի միտումով»: 

Անդրադառնալով Եպիսկոսական Ձեռնադրութեան 35 տարիներու յոբելինական առիթին, Բարձրաշնորհ Սրբազանը ըսաւ․- «Այս Կիրակին մեզի համար նշանակալից է, եւ կարծէք պատահական ալ չէ, որ օրուայ առաքելական թուղթը մեզի կը փոխանցէ Պօղոս Առաքեալի պատգամը, որովհետեւ այն կը համընկնի մեր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 35 ամեակին: Հետեւաբար, Պօղոս Առաքեալի պատգամին սլաքը ուղղուած է նաեւ մեզի անձնապէս, որպէսզի նորոգենք մեր քահանայական կոչումն ու եպիսկոպոսական աստիճանին կապուած խոնարհ ծառայութեան գիտակցութիւնը»:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը անցնող տասնամեակներու իր հոգեւոր ծառայութիւնը ամփոփեց հետեւեալ նախադասութիւններուն մէջ․- «Անցնող 35 տարիներու առաջնորդական պաշտօններու շրջանին առաւելագոյնս փորձեցինք մնալ Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի խոնարհ ծառայութեան մէջ, մեր անվերապահ սէրը փոխանցելով հոն՝ ուր գտնուեցանք: Եւ եթէ եղան տկարութեան պահեր, ապա Առաքեալի պատգամը մշտապէս մարտահրաւէր դարձաւ մեզի, որպէսզի Առաքեալին բառերով քննենք մենք զմեզ, տեսնելու համար, թէ՝ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞նք: Փորձելու մենք զմեզ, տեսնելու՝ թէ Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞նք մեր կեանքին մէջ ու մեր ներսիդին, թէ՞ պարզապէս Իր անունը կը կրենք: Իսկ Աստուծոյ մեծագոյն պատգամը մեզի համար եղաւ ժողովուրդին սէրը, որպէս գանձ անկողոպտելի, որպէս վարձատրութիւնը՝ մեր խոնարհ ծառայութեան»:

Աւարտին, Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց  բոլորին, լսելու Առաքեալին պատգամը եւ զայն դարձնելու հայելին ներքին աշխարհին, որպէսզի իւրաքանչիւրին հոգեմտաւոր կեանքը արտացոլէ Աստուծոյ սէրն ու Քրիստոսի Աւետարաններու ոգին: Յոբելեար Սրբազանը Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանէն Թեմի հաւատաւոր  զաւակաց ուղղելով իր խօսքը ըսաւ․- «Աղօթքի մէջ մնանք եւ աղօթքը դարձնենք բալասանը տառապեալ հոգիներուն, առաջնորդող իմաստութիւնը երիտասարդներուն, հիմնաքարը հայ քրիստոնեայ ընտանիքին, խաղաղութեան կոչ ուղղեալ պատերազմներէ տառապող ազգերուն եւ վերջապէս մեզ դէպի Աստուած առաջնորդող ոսկէ կամուրջ»։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը իր ժողովականութեամբ, հոգեւորականաց դասով, Թեմական բոլոր կառոյցներով ու հաւատաւոր ժողովուրդով սրտեռանդ աղօթք կը բարձրացնեն առ Ամենաբարին Աստուած, որպէսի Յոբելեար Սրբազան Հօր շնորհէ բազում լուսապայծառ տարիներ, քաջասրտութեամ շարունակելու համար իրեն վստահուած քրիստոսաւանդ կարգն ու առաքելութիւնը, միշտ խանդավառ եռանդով ու հոգեշնչումով, մեր Մայրենի Եկեղեցւոյն ու ժողովուրդին անսակարկօրէն ծառայելու խոր գիտակցութեամբ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ  Lay Ministry ծրագրով դասընթացքի մասնակից նոր անդամներու հաւաստագրերու յանձնում։ Առաջնորդարանի աշխատակից Հայկ Մադոյեանի նախաձեռնած Ծրագիրը հիմնադրուել աշխարհական անձանց հոգեւոր ու եկեղեցական գիտելիքները բարձրացնելու նպատակով։ Հոկտեմբեր 13-ին պիտի մեկնարկի դասընթացքի նոր շրջանը։ Նախորդ շրջանաւարտները արժանացան Սրբազան Հօր օրհնութեան եւ գնահատանքին, որպէսզի իրենց կարողութիւններով եւ գիտելիքներով իրենց ծառայութիւնը մատուցեն Առաջնորդարանի քարոզչական եւ դաստիարակչական ծրագիրներուն, ի խնդիր մեր զաւակներու հոգեմտաւոր առողջ պատրաստութեան եւ կրթութեան։

Դիւան Առաջնորդարանի

Հոկտեմբեր 9, 2025