Ռուսական յատուկ ռազմական գործողութիւնu այնքան արագ չ'ընթանար, որքան ոմանք կը փափաքէին, բայց կ'ընթանայ ըստ ժամանակացոյցի: Այս մասին յայտարարած է Եւրոմիութեան մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վլատիմիր Չիժովը:
«Կրնամ ձեզի վստահեցնել, որ Փետրուար 24-ին Ռուսիոյ սկսած յատուկ ռազմական գործողութիւնը կ'ընթանայ ըստ ժամանակացոյցի: Այն այնքան արագ չէ, որքան Ռուսիոյ մէջ ոմանք կը փափաքին, այն կը շարունակուի որոշակի արագութեամբ` հաշուի առնելով Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակի տարբեր գործօններ», ըսած է մշտական ներկայացուցիչը:
Անոր խօսքով, գործողութիւնը հաշուի կ'առնէ ռուսական զօրքերուն եւ անոր դաշնակիցները Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդավարական հանրապետութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը: