Իրանի հետ բանակցութիւնները լաւ կ՚ընթանան, ըսած է Թրամփ Axios-ի թղթակից Պարաք Ռավիտի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ։
«Երբ Թրամփին ուղղակիօրէն հարցուցած են փաքիսթանա-չինական նախաձեռնութեան մասին, ան չէ քննադատած այն, այլ պարզապէս կրկնած է, որ դիւանագիտական գործընթացը լաւ կ՚ընթանայ», - գրած է լրագրողը ընկերային ցանցերու մէջ։
Յիշեցնենք, որ Փաքիստանն ու Չինաստանը համատեղ առաջարկներու փաթեթ ներկայացուցած են՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար։