image

Խարքովի մարզին մէջ բուռն մարտեր կ՚ընթանան. Կան զոհեր

Խարքովի մարզին մէջ բուռն մարտեր կ՚ընթանան. Կան զոհեր

Ուքրանիոյ Խարքովի մարզին մէջ բուռն մարտեր կ՚ընթանան, աւելի քան 4500 մարդ արդէն տարհանուած է ռուսական յարձակումներու պատճառով։ Ինչպէս յայտարարած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Ալեքսանտր Սիրսքին, ռուսական ուժերը քանի մը ուղղութեամբ աշխուժ կը գրոհեն ուքրանական ստորաբաժանումներու դիրքերը՝ երկրի տարածքին մէջ աւելի առաջ շարժելու համար:

Միաժամանակ Սիրսքին նշած է, որ ուքրանացի մարտիկներն ամէն ինչ կ՚ընեն պաշտպանական գիծերն ու դիրքերը պահելու համար։

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պելկորոտի մարզի նահանգապետ Վիաչեսլաւ Կլատքովը յայտնած է, որ նախորդ օրը Պելկորոտի մէջ բնակելի շէնքի փլուզման հետեւանքով 15 մարդ զոհուած է։ Անոր խօսքով, մայիս 12-ին, երեկոյեան հրետակոծութենէն մահացած է եւս երեք խաղաղ բնակիչ, հիւանդանոցի մէջ մահացած է նաեւ մայիս 11-ին վիրաւորուած մէկ կին։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ մուտքի փլուզման պատճառը քաղաքի վրայ արձակուած եւ խոցուած ուքրանական հրթիռի բեկորն է։ Քիեւը պաշտօնապէս չէ մեկնաբանած այս յայտարարութիւնը։

Փրկարարները այսօր՝ մայիս 13-ի առաւօտեան, վթարային վայրին մէջ աւարտած են որոնողափրկարարական եւ փլատակներու մաքրման աշխատանքները։