ԱՄՆ հետախուզութիւնը կը պնդէ, որ Ռուսիան, իբր, միլիոնաւոր հրթիռներ եւ հրետանային արկեր կը գնէ Հիւսիսային Քորէայէն Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող մարտերու համար։
Ամերիկացի պաշտօնեան, որ ուզած է անանուն մնալ, ըսած է, որ «ռուսական բանակը կը շարունակէ տառապիլ Ուքրանիոյ մէջ մատակարարումներու խիստ պակասէ՝ արտահանման վերահսկողութեան եւ պատժամիջոցներու պատճառով»:
ԱՄՆ հետախուզութեան պաշտօնեաները կը կարծեն, որ ռուսերը կրնան ապագային ձեռք բերել Հիւսիսային Քորէայի լրացուցիչ ռազմական տեխնիկա, գրած է The New York Times-ը: