image

Ըստ ԱՄՆ հետախուզութեան Ռուսիա հազարաւոր հրթիռներ պիտի գնէ Փիոնկ Եանկէն

Ըստ ԱՄՆ հետախուզութեան Ռուսիա հազարաւոր հրթիռներ պիտի գնէ Փիոնկ Եանկէն

ԱՄՆ հետախուզութիւնը կը պնդէ, որ Ռուսիան, իբր, միլիոնաւոր հրթիռներ եւ հրետանային արկեր կը գնէ Հիւսիսային Քորէայէն Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող մարտերու համար։ 

Ամերիկացի պաշտօնեան, որ ուզած է անանուն մնալ, ըսած է, որ «ռուսական բանակը կը շարունակէ տառապիլ Ուքրանիոյ մէջ մատակարարումներու խիստ պակասէ՝ արտահանման վերահսկողութեան եւ պատժամիջոցներու պատճառով»:  

ԱՄՆ հետախուզութեան պաշտօնեաները կը կարծեն, որ ռուսերը կրնան ապագային ձեռք բերել Հիւսիսային Քորէայի լրացուցիչ ռազմական տեխնիկա, գրած է The New York Times-ը: