Նոյնիսկ աշխարհի ամենամօտ դաշնակիցներու միջեւ չկայ թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն համարժէքը. այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ընդունելով Թուրքիոյ նոր դեսպան Պիրոլ Աքկիւնը:
Ալիեւ նշած է, որ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան միշտ ուս ուսի տուած եղած են իրար հետ։
Ան աւելցուցած է, որ թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութիւնն ու բարեկամութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ ատոր սահմաններէն դուրս կայունութեան, անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ հանգստութեան «բանալին» են։