Աւելորդաբանութիւն (17)
Բարդ նախադասութիւն
1.Նախապէս մեր տեսած բոլոր աւելորդաբանութիւնները կ’իյնային պարզ նախադասութեան ծիրէն ներս: Ստորեւ պիտի տեսնենք բարդ նախադասութեան կազմին յատուկ աւելորդաբանութեան բաւական ատարածուն տարբերակ մը:
Այսպիսիներուն տիպարն է հետեւեալը՝
--Ժամանակը հասած է մտածելու այն մասին, թէ ի՛նչ մասնագիտութիւն պիտի ընտրես:
Մեր բերածը բարդ ստորադասական նախադասութիւն մըն է:
--Մէ՛կ գլխաւորով՝ ժամանակը հասած է մտաելու,
--Մէ՛կ ստորադասով՝ ի՛նչ մասնագիտութիւն պիտի ընտրես,
--որոնք կապուած են թէ ստորադասական շաղկապով:
Այս երկուքին՝ գլխաւորին եւ ստորադասին միջեւ մակաբուծաբար մտած է այն մասին բառակապակցութիւնը, որ լեզուական բացարձակապէս ոչ մէկ անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ. ծանծաղ ու ճոռոմ մտածումի հետեւանք է, որ միայն կ’արժեզրկէ մեր խօսքը իր ապուշ աւելորդաբանութեամբ, եւ որուն սակայն կառչողներուն թիւը շատ մեծ է:
Ջնջենք զայն ու պիտի նկատենք, որ մեր խօսքը շատ աւելի պայծառ ու հատու պիտի դառնայ՝ առանց ոչինչ կորսնցնելու իր իմաստէն.
--Ժամանակը հասած է մտածելու, թէ ի՛նչ մսանագիտութիւն պիտի ընտրես:
Ուրիշ մակաբոյծներ չեն պակսիր:
Ահաւասիկ՝
--Շատ տարօրինակ է այն, որ թշնամիին կրակոցը լռեց:
--Ամէն հրաւիրեալ հետը բերած էր շիշ մը խմիչք, բան մը, որ կը նեղացնէր տանտէրը:
--Այս ջանքերը ի գործ դրուած էին այն բանի համար, որպէսզի յանցագործը արդարացումի որեւէ պատրուակ չգտնէր:
--Ան ձերբակալուած է այն բանէն ետք, երբ Գերմանիա նոր ապացոյցներ ներկայացուցած է:
--Պէտք է շեշտել այն կէտին վրայ, թէ վճարումը կանխիկ է:
Բերուած բոլոր օրինակներէն կարելի է պարզապէս ջնջել թաւագրուած մակաբոյծ բառերը՝ առանց որեւէ կորուստի:
* * *
Շատ յաճախ տուեալ բարդ նախադասութեան միտքը կարելի է արտայայտել պարզ նախադասութեամբ մը՝ նմանապէս առանց այդ մակաբոյծ բառերուն. օրինակ՝
-- Հրամանատարին որոշումը այն է, որ այս ամառ գրաւենք բարձունքը:
Հրամանատարը որոշած է, որ այս ամառ գրաւենք բարձունքը:
Հրամանատարը որոշած է այս ամառ գրաւել բարձունքը:
Ուրեմն նոյն միտքը արտայատեցինք թէ՛ նոր բարդ նախադասութեամբ մը, թէ՛ պարզ նախադասութեամբ մը՝ առանց այն է մակաբոյծին:
Երկու վերածումներէն ընտրութիւնը կախեալ է գրողին ճաշակէն:
2. Ինչպէս որ նոյն ծաղիկէն օձը թոյն կը պատրաստէ, իսկ մեղուն՝ մեղր, ապա այս նոյն հնարքը ձեւացնող, սակայն ոճաբանական շատ բարձր որակ ունեցող կառոյցներ կը պարգեւեն մեզի մեր ընտիր գրողները:
Օրինակ՝
--Չարաբաստիկ հանդիպում մը տակնուվրայ ըրած էր անոր կեանքը, հանդիպում, որ տեղի ունեցած էր գիշերային զբօսավայրի մը մէջ:
Այստեղ հեղինակը կրկնած է հանդիպում բառը, որպէսզի ընթերցողը իմանայ, որ հանդիպո՛ւմն է «որ» յարաբերական դերանունին յարաբերեալը եւ ուրեմն գիշերային զբօսավայրի մը մէջ տեղի ունեցողը հանդիպում-ն է. այլապէս ընթերցողը կրնար կարծել թէ...կեանքը բառն է, որ ճիշդ յարաբերական դերանունին առջեւը ինկած :
* * *
Խօսողը կամ գրողը երբեմն այդ կրկնուող բառը, որ բո՛ւն յարաբերեալն է, կ’օժտէ, կը ծաղկեցնէ յատուկ որոշիչներով, ինչ որ շատ աւելի տպաւորիչ կը դարձնէ խօսքը, աւելի կշիռ կու տայ անոր. օրինակ՝
--Այս Ահմեդն էր դատարանին առջեւ զիս դաժանօրէն զրպարտողը, այն նոյն Ահմեդը, որ տասնամեակներով հօրենական տանս հացը կերած էր:
--Նկատելի էր, որ դառն յուշ մը կը խռովէր անոր դեռահաս հոգին, այնպիսի յուշ մը, որմէ չէր յաջողեր ձերբազատիլ:
Այս կառոյցները յարաբերեալին հեռաւորութեան անպատեհութիւնը չեն դարմաներ միայն, այլ կը ծառայեն միաժամանակ շեշտելու անոր կարեւորութիւնը տուեալ մտքի ձեւաւորումին մէջ, այլ խօսքով՝ ուրոյն սաստկականներ են, որոնց ուժգնութիւնը կ’աւելնայ, եթէ կրկնուող յարաբերեալը օժտենք այն, այնպիսի ցուցականներով, կամ այլ որոշիչով, կամ երկուքով միատեղ:
* * *
Յարաբերեալը բառացի կրկնելու փոխարէն՝ կարելի է տակաւին զայն փոխարինել այլ որակականով մը կամ մակդիրով մը, ինչ որ ոճականօրէն շատ աւելի ընտիր ու տպաւորիչ կառոյց է. օրինակ՝
--Այս Ահմետն էր դատարանին առջեւ զիս դաժանօրէն զրպարտողը, այս ապերա՛խտը, որ տասնամեակներով հօրենական տանս հացը կերած էր:
Այս սաստկական միջանկեալ բառը կրնայ բոլորովին նոր ըլլալ՝ գրողի մտայղացումին ու ճաշակին առարկան. օրինակ՝
--Վարձքը չվճառողը դաժանօրէն դուրս կը դրուէր իր բնակարանէն, ողբերգութիւն մը, որ այնքան փշաքաղիչ էր, սակայն ոչ մէկ լուծում կը ստանար:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com