Տանըլտ Թրամփի օրօք Պաքու եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները շատ յաջող կը զարգանային՝ ի տարբերութիւն վերջին 4 տարիներու, երբ ատոնք միանգամայն վատթարացան՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ Ճօ Պայտընի վարչակազմի «անարդար եւ անազնիւ» մօտեցման պատճառով. այս մասին չինական CGTN հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
«Նախագահ Թրամփի հետ աշխատելու մեր նախկին փորձը շատ դրական էր: Մենք կ՚ակնկալենք, որ այս չորս տարիները, որոնք կորսուած կը համարենք ամերիկա-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու համար, կը դառնան պատմութիւն, եւ մենք կը վերսկսինք աշխատանքը»,-ըսած է Ալիեւ:
Անոր խօսքով՝ Թրամփի օրօք աշխարհը կրնայ շատ աւելի անվտանգ դառնալ, քանի որ անոր առաջին նախագահութեան ընթացքին ԱՄՆ-ն ոչ մէկ պատերազմ սկսած է։