Աւելորդաբանութիւն (13)
Աւելորդ յոգնակիներ (ա)
Ոճաբանական թերութեանց մէջ իր ուշագրաւ տեղը ունի յոգնակիի անմիտ ու անտեղի կիրարկութիւնը, որ չարաշահութենէ աւելի չիմացութեան, ընդհուպ տգիտութեան հետեւանք է: Եւ այս երեւոյթը հետզհետէ կը տարածուի մեր նոր հասնող սերունդներու լեզուական բարքերուն մէջ:
Այստեղ իրենց յատուկ բաժինը ունին այնպիսի յոգնակիներ կամ յոգնա-կերտներ, որոնց գիտակցութիւնը չունի ամէն հայ . այսպիսիներէն թուենք, օրինակ, գրաբարեան «ք» եւ «ունք» յոգնակերտները կրող բառեր, որոնք աշխարհաբարի մէջ նմանապէս յոգնակի են. օրինակ՝ ծնող-ծնողք, տղայ-տղաք, նախնի-նախնիք, ափ-ափունք, երիկամ-երիկամունք, ռունգ-ռնգունք, նաեւ՝ մարդ-մարդիկ: Եւ որովհե-տեւ այսպիսիները արդի հայուն ճանչցած յոգնակերտ եր/ներ մասնիկը չունին, ոմանք իրե՛նք կ’աւելցնեն այդ մասնիկները՝ ծնողքներ, տղաքներ, նախնիքներ... եւ այլն, այլ խօսքով՝ երկրորդ անգամ կը յոգնականացնեն այսպիսիները:
Ասոնց վերայոգնականացումին պատճառ կը դառնան նաեւ այնպիսի գոյականներ, որոնք ք եւ ունք ածանցով հանդերձ աշխարհաբարի մէջ նուիրականացած են իբրեւ եզակի, օրինակ՝ աչք, ձեռք, ոտք, բարձունք, սկզբունք, լորձունք, հիմունք, որոնց յոգնակին աշխարհաբարի մէջ սովորականին պէս կու տայ՝ աչքեր, ձեռքեր, ոտքեր, բարձունքներ, սկզբունքներ, լորձունքներ, հիմունքներ:
Ծանօթ.— Ջանանք ըսել շուրթ-շուրթեր, եւ ոչ՝ շրթունք-շրթունքներ:
* * *
Հայերէնը ունի այլ մասնիկներ, որոնք նմանապէս յոգնակերտ են եւ այնքան ալ ծանօթ չեն արդի հայուն, որ, օրինակ, հեշտութեամբ կ’ըսէ ու կը գրէ՝
--Ասղանաւորդները պիտի յաջողին թարմ բանջարեղէններ ուտել...
Իսկ բանջարեղէն բառը ինքնին այլատեսակ բանջարներ, այսինքն՝ ուտելի բոյսեր կը նշանակէ, քանի -եղէն ածանցը իմաստով յոգնակի է. այսպէս ալ՝ ամանեղէն, գոհարեղէն, հագուստեղէն, ուտեստեղէն՝ ասոնք բոլորը իմաստով յոգնակի են, այլ խօսքով՝ նոյն տեսակի բազմաթիւ առարկաներ ցոյց կու տան, հետեւաբար երբ կ’ըսենք ամանեղէններ, գոհարեղէններ, ապա տեղի ունեցածը կրկնակի յոգնականացումի պարագայ է:
Յաճախ կը հանդիպինք մեր թերթերու մէջ նամականիներ կրկնակ յոգնակիին, որով կ’ակնարկուի ստացուած մէկէ աւելի նամակներու, մինչդեռ նամականի ձեւը ինքնին արդէն կը նշանակէ նամակներ, այսինքն՝ ունի յոգնակի նշանակութիւն: Նոյնպէս ալ՝ ազատանի, առածանի, աւագանի, երիցանի, ընկերանի, ընտրանի, լակոտանի, կամարանի, կանանի, հիւանդանի, նշանանի, պատգամանի, ստուերանի եւ այլն, որոնք բոլորն ալ յոգնակի նշանակութիւն ունին եւ վերստին յոգնականալու կարիք չունին:
Միւս կողմէ՝ ոչ մէկ արգելք կայ, որ արդի հայը իր յոգնակին կազմէ իրեն աւելի ծանօթ ու ընտել ձեւով, այսինքն՝ ըսէ ու գրէ բանջար-ներ, գոհար-ներ, հագուստ-ներ, նամակ-ներ, զանգակ-ներ, նշան-ներ եւ այլն:
* * *
Աշխարհաբարի մէջ կայ կանոն մը, որ շատեր չեն ճանչնար:
Չեն ճանչնար, որովհետեւ չ’ուսուցուիր ան, չ’ուսուցուիր, որովհետեւ հայոց լեզուի ուսուցիչներն ալ չեն գիտեր զայն, չեն գիտեր, որովհետեւ մեր դասագիր-քերը բաւականաչափ լուսարձակի տակ չեն առներ ու չեն շեշտեր կանոնը: Երբ քանակութիւն մը կը ներկայացնենք թիւերով, ապա տուեալ առարկա-յին անունը եզակի կը կիրարկենք. այսինքն՝ հինգ օր, տասը մատիտ, քսան գնդակ եւ այլն, եւ ոչ թէ՝ հինգ օրեր, տասը մատիտներ, քսան գնդակներ:
Եւ ահա այնքան սովորական է հոս-հոն կարդալ սապիսի սխալ կառոյցներ.
--Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի տեւէ երկու օրեր:
--Այդ թուականէն անցան չորս տարիներ եւս:
--Լոնտոն մնացի հինգ ամիսներ միայն:
Այս կանոնը յատուկ ուշադրութիւն կը պահանջէ արդի հայէն, քանի որ մեր շուրջը չկայ ու չէ եղած լեզու մը, գրաբարը ներառեալ, որ այս բառերը եզակի կիրարկէ. բոլորն ալ յոգնակի կը կիրարկեն, — եւ ատով ալ կ’ազդեն արեւմտահայ գրողի լեզուամտածողութեան վրայ: Միայն թրքերէնն է, որ ասոնք եզակի կը կիրարկէ, եւ աշխարհաբարը թրքերէնի հետեւողութեամբ ձեւաւորած է կանոնը:
Թիւերու փոխարէն կրնանք ունենալ քանակ ցոյց տուող այլ բառեր՝ քիչ (մը), բաւական, շատ: Որոնց առաջին երկուքին հետ որոշեալ գոյականը նմանապէս անորոշ եզակի կը կիրարկուի՝ թելադրելով հանդերձ մէկէ աւելի առառրկաներ. օրինակ՝
--Այսքան քիչ հացով ինչպէ՞ս կերակրեմ բոլոր որբերը:
--Բաւական գետնախնձոր հաւաքեցինք այսօր:
Շատ-ը ունի երկակի կիրարկութիւն.
--Այս տարի շատ ծառ տնկեցինք:
--Պարտէզին մէջ շատ ծառեր կան:
* * *
Կանոնը չի գործեր, եթէ գոյականը օժտուած է ս, դ, ն, ը յօդերէն մէկով.
--Այս չորս գորքերս պէտք է լուացքի տրուին:
--Երկու տղաներդ արդէն գործի անցած են:
--Բերդի տասը պահակները քնացած էին, միւսներն ալ փախան:
Անընդունելի է ըսել՝ չորս գորքս...երկու տղադ...տասը պահակը...:
Երբ թուական որոշիչի փոխարէն հանդէս կու գայ խօսքի այլ մասէ որոշիչ մը, ապա կ’ունենանք երկակի կիրարկութիւննեեր՝ եզակի եւ յոգնակի.
--Մեր սպիտակ ոչխարը փոխանակեցինք անոնց սեւ այծով:
Մեր սպիտակ ոչխարները փոխանակեցինք անոնց սեւ այծերով:
--Այս ծաղկած ծառէն կարելի՞ է հրաժարիլ:
Այս ծաղկած ծառերէն կարելի՞ է հրաժարիլ:
--Գետափի կալուածէն փոքրը ծախեց:
Գետափի կալուածներուն մէք քանին ծախեց:
Արմենակ Եղիայեան