image

Կապոյտ թռչուն. Գրեց՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

Կապոյտ թռչուն. Գրեց՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

Կապոյտ թռչունս՝ Փօլը, պիտի լքէր մեր պատշգամը ու ճախրէր դէպի հեռուները՝ մղոններ անդին, անլսելի ու անտեսանելի Աւստրալիաները, իր ետին ձգելով կապոյտ յուշեր ու անհուն կարօտ:

Տարին շա՜տ արագ անցաւ, ամրան տաք  ամիսները զիջեցան Սեպտեմբերն՝ որոշուած  ժամանակը թռչուններու գաղթին: Ինչքա՜ն փորձեցի մտքովս տրամաբանական, կամ արդարացուցիչ պատճառներ գտնել, բայց սրտովս երբեք  չընդունեցի գաղթի գաղափարը: Ի զուր  ըսին. «Անպատերազմ երկիր, ապահով աշխարհ, հանգստաւէտ կեանք…»:

 

Մանուկ էր, բայց իր ծնողքէն ժառանգած երաժշտական տաղանդով բնազդաբար կ՚ըմբռնէր եղանակին քաղցրութիւնը, կը մերուէր մեղեդիին հետ եւ իր յատուկ լսողութեամբ ճշգրտօրէն կը զանազանէր  խազերը։

Տանս պատշգամին նստած, քրոջորդիս՝ Փօլը, իր երեքուկէս տարեկան հասակով, բոլորիս կը զարմացնէր, երբ սահուն առոգանութեամբ ու ճշգրիտ եղանակով, կ՚երգէր՝ «Կապոյտ Թռչուն»ը (խօսք՝ Լութֆիկ Դուրեանի, երաժշտութիւնը՝ Խաչատուր Աւետիսեանի):

Չեմ կրնար ըսել, որ Փօլին իմ զաւակներէս պակաս սիրած եմ: Հրաշք երեխայ էր, գեղեցիկ, քաղցրարիւն, զուարթ …: Երբ տանս դրան առջեւ կը յայտնուէր, սիրտս խինդով կը բաբախէր: Իր ներկայութիւնը ինծի համար տօն էր:

ՇաբաթավերջիՆ տեղի ունեցող իմ եւ քրոջս՝ զոյգ ընտանիքներուն հաւաքը մեր գերագոյն հաճոյքն էր: Հայրենի երաժշտութիւնը բոլորիս նախասիրած վայելքն էր ու երեկոյին հարազատ ընկերակիցն էր:

Կարծես թէ գանկիս  մուրճի հարուած ստացայ, երբ քրոջմէս իմացայ, թէ որոշած են հանդերձ ընտանեօք Աւստրալիա գաղթել: Մեկնումի խնդիրը միշտ ալ արծարծուած էր, բայց երբե՛ք վերջնական ձեւ չէր ստացած: Այդ «տձեւ» որոշումը՝ ահռելի յուզիչ էր եւ սիրտս կրծող ցաւ: Քոյրս կը փորձէր իրավիճակը մեղմացնել, ըսելով. «Անմիջապէս վաղը չե՛նք մեկնիր, առնուազն տարի մը ժամանակ կ՚առնէ, մինչեւ որ դեսպանատան մօտ մեր գաղթի թղթածրարը ամբողջանայ…»:

Ո՛չ  մէկ խօսք զիս կը սփոփէր, կը համոզէր եւ կամ ցաւս կը մեղմացնէր…

Կապոյտ թռչունս՝ Փօլը, պիտի լքէր մեր պատշգամը ու ճախրէր դէպի հեռուները՝ մղոններ անդին, անլսելի ու անտեսանելի Աւստրալիաները, իր ետին ձգելով կապոյտ յուշեր ու անհուն կարօտ:

Տարին շա՜տ արագ անցաւ, ամրան տաք  ամիսները զիջեցան Սեպտեմբերն՝ որոշուած  ժամանակը թռչուններու գաղթին: Ինչքա՜ն փորձեցի մտքովս տրամաբանական, կամ արդարացուցիչ պատճառներ գտնել, բայց սրտովս երբեք  չընդունեցի գաղթի գաղափարը: Ի զուր  ըսին. «Անպատերազմ երկիր, ապահով աշխարհ, հանգստաւէտ կեանք…»:

Դեկտեմբեր 2015-ին, հետս կը վերցնեմ ճամբորդական պայուսակ մը, տասնմէկ տարիներու կարօտս եւ ամուսինիս ձեռագրով  «կապոյտ թռչուն» երգին բառերը: Տասնվեց անհամբեր  ժամեր թռչելէս ետք կը հասնիմ Սիտնի, Աւստրալիա: Աննկարագրելի էր քրոջս ընտանիքին հետ վերամիանալու հաճոյքը։ Աչքիս առջեւ երէկուան մանուկները չեն, հապա տասնինը տարեկան երիտասարդուհի՝ Արմիկը ու տասնհինգ տարեկան՝ Փօլը: Ժամանակը որքա՜ն արագ թռչեր է, մեծցեր են ձագուկներս…

Փօլին տարեդարձն էր: Իր խանդավառ ընկերներուն հետ, տան փայտեայ աստիճաններէն՝ վեր-վար ցատկռտելով, ուրախալի եւ աղմկալից «փոթորիկ» մը կը ստեղծէին : Երջանկութիւնը պատած էր սիրտս, իսկ միտքս՝ անհամբերօրէն կը սպասէր, այդ հաճելի պահը, երբ Փօլին հետ միասնաբար «Կապոյտ թռչուն»ը պիտի երգէինք…

– Փօլ, կը յիշես չէ՞ «կապոյտ թռչուն» երգը…

Քրոջս հետ պատշգամը նստած ենք, մեր երկու սուրճի գաւաթով, տասնմէկ տարուան կարօտի մրուրը կ՚ըմպենք..: Մեր շուրջը եզերող գեղեցիկ բնութիւնը՝ ստեղծագործ Աստուծոյ հրաշալիքը կը պատմէ: Գոյնզգոյն թռչուններ կը թառին պատշգամին եզրին: Կը զմայլիմ անոնց երփներանգ փետուրներուն, տեսքին ու փայլքին:

-Չէ՛ մօրքուր, չեմ յիշեր: Իրա՞ւ ես ա՛յդ տարիքիս, կ՚երգէի՞…

Չեմ գիտեր, թէ զգացածս ցաւ էր, զարմանք էր, թէ հիասթափութիւն: Թէպէտեւ Սիտնիի թռչունները մարդոցմէ չեն վախնար, անոնք ամէն տեղ են՝ կապոյտ երկնակամարին վրայ, ծառախիտ անտառներուն մէջ, գեղեցիկ զբօսավայրերու նստարաններուն վրայ…, բայց իմ «կապոյտ թռչունս», ի հեճուկս Լիբանանի անգութ որսորդներուն, նախընտրած էր Պէյրութ մնալ, պատմելու համար տասնմէկ տարուան ծաւալած կարօտը ու ցաւը: Հո՛ն, ուր սփիւռքի ոգին կը ճառագայթէ՝ արեւով…: Հայ երգը կը ծնի՝ բնազդով, կ՚ապրի՝ ինքնաբերաբար, կը հնչէ՝ բիւրեղ ու կը գոյատեւէ ադամանդի պէս տոկուն ու փայլուն: Ակամայ համոզուեցայ, որ իւրաքանչիւր  թռչուն ի՛ր երկինքը ունի, ի՛ր ճախրելու ոճը, ի՛ր պատշգամը ու ի՛ր մեղեդին։

Քրոջս հրաշալի հիւրընկալութեամբ, երեսունհինգ յիշատակելի ու քաղցր օրեր վայելեցի Աւստրալիոյ  մէջ: Վերադարձիս ճամբորդական պայուսակս, ծանրացած էր…: Կարօտս՝  նոր ձեւ, կշիռք ու տարիք ստացած էր:

Այսօր՝ վեց տարի ետք, թղթածրարի մը մէջէն դիմացս ելաւ՝ Աւստրալիայէն իմ հետ բերած «Կապոյտ թռչուն» երգին բառերը: Որքան ցաւ ու յուշեր կան ա՛յդ մի քանի տողերուն մէջ…:

Այլ՝ զարմանալի երեւոյթ մը. ամուսինս, որ միշտ հաւատարիմ եղած էր, երգի մը բնօրինակին եւ բառերուն, «Բարի ԼՈՅՍի  կապոյտ թռչուն»ը, փոխարինած էր, «Դո՛ւ իմ ՅՈՅՍի կապոյտ թռչուն»ով…

Յաւերժ ԼՈՅՍ ու ՅՈՅՍ՝ գաղթի երկնակամարին վրայ ճախրող բոլոր կապոյտ  թռչուններուն:

֍֍֍ 18 Փետրուար 2021

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...