image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարարը տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ծիրէն ներս խօսած է իրանեան այլընտրանքի մասին

Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարարը տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ծիրէն ներս խօսած է իրանեան այլընտրանքի մասին

Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն խօսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման թեմայի մասին։

«Ի հարկէ, մենք մեծ նշանակութիւն կու տանք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութեան շուտափոյթ դադրեցման եւ խաղաղ բանակցութիւններիւ կայացման եւ խաղաղութեան հաստատման։ Եւ մեզի համար այս կարեւոր քննարկումները կը շարունակուին։ Ի հարկէ, այս ամէնն ընելու ժամանակ պէտք է հաշուի առնել նաեւ երկիրներու ազգային անվտանգութիւնը»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ CNNturk–ին ըսած է Ուրալօղլուն։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման թեմային՝ ան նշած է, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կը խօսին այս հարցի շուրջ։ «Կայ նաեւ իրանեան այլընտրանք, այն նոյնպէս սեղանին է։ Ամէն պարագայի այդ միջանցքը որեւէ հատուածով պիտի անցնի։ Հայաստանի տարածքով պիտի ըլլայ այն, թէ Իրանի տարածքով, ատրպէյճանցի մեր եղբայրները ուշադիր կը հետեւին գործընթացին»,-ըսած է ան։