image

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (16). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Աւելորդաբանութիւն (16). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Աւելորդաբանութիւն (16)

Աւելորդ յոգնակիներ (դ)

Որոշեալ գոյական (բ)

1. Որոշիչ-որոշեալ յարաբերութիւնը կրնայ յառաջացնել թուային շփոթելի կացութիւններ, երբ ունինք բազմակի  որոշիչներ կամ   որոշեալներ կամ  երկուքը միաժամանակ նոյն նախադասութեան մէջ: Այսպիսիները կը պահանջեն յատուկ ուշադրութիւն: Տեսնենք քանի մը պարզագոյն պարագաներ՝  համապատասխան լուծումներով:

*   *   *

           ա. Դալար մարգն ու բարտին կը պսպղային արեւի շողերուն տակ: 

         Բերուած շարադասութեամբ, ուր դալար որոշիչը նախադաս է  մարգին եւ բարտիին, այդ որոշիչը կը վերաբերի  թէ՛ մարգ-ին, թէ՛ բարտի-ին:

Եթէ դալար է մի՛այն մարգը, ապա պարտինք գրել. «Բարտին ու դալար մարգը կը պսպղային արեւի շողերուն տակ»: 

Իսկ եթէ դալար է մի՛այն բարտին, ապա պարտինք գրել. «Մարգն ու դալար բարտին կը պսպղային արեւի շողերուն տակ:

բ. Այցելուները   հետզհետէ խուսափեցան այդ քարքարոտ ու անապահով ճամբաներէն ու  թաղերէն:

Բերուած շարադասութեամբ քարքարոտ ու միաժամանակ  անապահով են թէ՛ ճամբաները, թէ՛ թաղերը

Եթէ քարքարոտ են մի՛այն ճամբաները եւ անապահով են մի՛այն թաղերը, ապա պարտինք գրել. «Այցելուները հետզհետէ խուսափեցան այդ քարքարոտ ճամբաներէն եւ անապահով թաղերէն»:

Եթէ քարքարոտ ու անապահով են մի՛այն ճամբաները, ապա պէտք է գրել. «Այցելուները հետզհետէ խուսափեցան  այդ թաղերէն  եւ քարքարոտ ու անապահով ճամբաներէն»:

            Իսկ եթէ քարքարոտ ու անապահով են մի՛այն թաղերը,  պէտք է գրենք. «Այցելուները հետզհետէ խուսափեցան այդ ճամբաներէն եւ քարքարոտ ու անապահով թաղերէն»: 

 

  1. Իւրայատուկ որոշիչներ 

             Հայերէնը օժտուած է կարգ մը որոշիչներով, որոնք՝ ա)  միշտ եզակի  որոշեալ կը պահանջեն, եւ այնպիսիներով   որոնք՝ բ) միշտ յոգնակի որոշեալ կը պահամջեն:              

ա) եզակի որոշեալ կը պահանջեն՝ Ամէն, ամէն մէկ,  միակ, ամբողջ, իւրաքանչիւր, որեւէ, որեւիցէ, ոչ մէկ, ոմն, որքա՞ն-ինչքա՞ն, քանի մը   բառերը. օրինակ՝ ամէն օր, ամէն մէկ բառ, ամբողջ թաղը կամ ամբողջ թաղ մը, որեւէ գիրք, ոչ մէկ առարկութիւն, ոմն  Մարկոս, որքա՞ն-ինչքա՞ն  նարինջ, քանի մը ժամ  եւ այլն: Այս որոշիչներէն ոմանք օտար լեզուներու մէջ կրնան յոգնակի որոշեալի վրայ  եւս դրուիլ, օրինակ՝ որեւէ եւ ոչ մէկ  անգլերէնի մէջ  կրնան յոգնակի որոշեալ ունենալ, եւ դժբախատաբար մերթ անուշադրութեամբ, մերթ համբակութեամբ,  յատկապէս թարգմանութեանց մէջ,   այդ  յոգնակի որոշեալները նոյնութեամբ կ’անցնին հայերէնին.  օրինակ՝ «Պետական պաշտօնեան կը հարցնէր, թէ ես որեւէ  անհաս-կացողութիւններ եւ տարակարծութիւններ  ունէի՞ իմ մեծաւորիս հետ» (Վ. Մխիթարեան, «Վարդապետի մը ոդիսականը», էջ 85):  

             բ) յոգնակի որոշեալ կը պահանջեն՝ ա.  Կարգ մը հաւաքական իմաստի որոշիչ բառեր, ինչպէս՝ բոլոր, կարգ մը,   խումբ մը, շարք մը, հատուկենտ, թեր ու դէմ, պարապ-սարապ,  երկուորեակ եւ այլն. օրինակ՝ բոլոր հարցերը, կարգ մը վրէպներ, խումբ մը հեծեալներ, շարք մը սիւներ, հատուկենտ անցորդներ, թեր ու դէմ կարծիքներ, պարապ-սարապ խօսքեր, երկուորեակ քոյրեր  եւ այլն:  բ.  Շատութեան, բազմազանութեան իմաստ ունեցող որոշիչները, ինչպէս՝ շատ տարիներ, բազում փորձեր, այլեւայլ մարզեր, նաեւ՝ անհամար, անթիւ, բազմաթիւ, բազմազան, բազմապիսի, բազմերանգ, բազմատեսակ, բազմաձեւ, զանազան, տարբեր եւ այլն. օրինակ՝ շատ դարեր, բազում տարիներ, անհա-մար աստղեր, բազմաթիւ հոգեր, բազմապիսի կոտտանքներ եւ այլն:  Այսպէս է, երբ որոշեալը թիւով համրելի թանձրացական առարկայ է. վերացական գոյականները ասոնցմէ մէկ-երկուքին հետ  կրնան եզակի եւս կիրարկուիլ. օրինակ՝ «Ան շատ հոգ պատճառեց  տնօրէնութեան»: «Հորթերը զանազան ուղղութեամբ  փախան»: Շատ բառը կրնայ հաւասարապէս եզակի կամ յոգնա-կի որոշեալ ունենալ. օրինակ՝ շատ անգամ եւ շատ անգամներ:   գ. Ածականի,  գոյականի, դերանունի կրկնութեամբ կազմուած որոշիչ-ները, ինչպէս՝ ազգի-ազգի,  բարձր-բարձր, գոյն-գոյն կամ գոյնզգոյն, գունդ-գունդ կամ գունդագունդ, զոյգ-զոյգ, մեծ-մեծ կամ մեծամեծ, հին-հին, սեւ-սեւ, սուր-սուր,  նոր-նոր կամ նորանոր, մանր-մանր կամ մանր-մունր, խենթ-խենթ, խենթուխելառ, խումբ-խումբ, պէս-պէս, պէսպիսի, պիշ-պիշ,  սուտ-սուտ կամ սուտումուտ, տաք-տաք, տեսակ-տեսակ, փունջ-փունջ, ինչ-ինչ. քանի-քանի (Ու գլխիս տակ քանի-քանի քարեր եմ մաշել–Համո Սահեան)   եւ այլն . օրի-նակ՝ ազգի-ազգի անասուններ, բարձր-բարձր շէնքեր (ծառեր, լեռներ եւ այլն), զոյգ-զոյգ հաւքեր, մեծ-մեծ խօսքեր, մեծամեծ պատիւներ, տաք-տաք համբոյրներ, փունջ-փունջ ծաղիկներ  եւ այլն: Երբ կրկնուող որոշիչը  ածական է,   եզակի կիրարկութիւնը բացառուած չէ. օրինակ՝ «Տաք-տաք հացեր կերանք», բայց նաեւ՝ «Տաք-տաք հաց  կերանք »,− ուր սեւեռուած է ոչ թէ հացի քանակը, այլ որակը. այս օրինակին մէջ տաք հացեր յոգնակին ցոյց կու տայ  անոնց  թիւը, մինչդեռ  եզակի տաք-տաք հաց եզակի կիրարկութիւնը ցոյց կու տայ հացին որակը:



Արմեղնակ Եղիայեան

armenag@gmail.com