image

Ընդերքը եւ Համաշխարհայնացումը.Գրեց՝ Աւօ Պօղոսեան

Ընդերքը եւ Համաշխարհայնացումը.Գրեց՝ Աւօ Պօղոսեան

Մենք կրնանք՞ արեւուն  տակ մեր արժանի տեղը ունենալ զարգացած ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ: Կրնանք, եթէ գիտակցելով որ հում նիւթերով աղքատ երկիր ենք, մեր առաւելագոյնը ընենք կրթութեամբ գերազանց ըլլալու, որպէսզի արտադրողական համաշխարհային ցանցին մէջ մեր ներդրումը ունենանք, ինչպէս Իսրայէլ յաջողած է ընել նոյնիսկ մեր երկրէն աւելի աղքատ բնութեամբ տարածքի վրայ: 

Այդ կարեւոր առաքելութեան համար կրթութեան անյետաձգելի գործին պիտի լծուինք: Պարտադիր: 

Անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ, աշխարհին ծանօթ էին երկիրներ, որոնք ճանչցուած էին իբր (petrostates) կամ թարգմանաբար՝ քարիւղ եւ կազ արտահանող երկիրներ ինչպէս՝ Արաբական Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիան, Իրանը, Վենեզուելլան, Սովետական Միութիւնը եւայլն: Թէ որքան կը մնան այդ անունով ճանչցուած, կախեալ է այն իրողութենէն թէ որքան քարիւղն ու կազը կը յամենան մնալ այդ երկիրներուն հարստութիւնը կամ այդ պաշարները կը շարունակեն մնալ աշխարհի հիմնական ուժանիւթերու աղբիւրները: Այդ աղբիւրներէն կախեալ են նաեւ աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւնները, ազդեցութեան գօտիները եւ գերպետութիւններու քաղաքականութիւնը: 

Մէկ կողմէ աշխարհի բնակչութեան աննախընթաց աճին եւ միւս կողմէ տնտեսութեանց զարգացումին հետեւանքով, մոլորակը կ՚՛ենթարկուի տաքացման եւ ապականման, որ կը սպառնայ մթնոլորտային համակարգի խաթարման, պատճառելով երաշտ, հեղեղումներ, ջուրերու շոգիացում, սառցալեռներու հալում, ծովերու մակարդակի բարձրացում, ծովափնեայ քաղաքներու ընկղմում եւ առհասարակ մարդկութեան գոյութեան: Այս վտանգաւոր հեռանկարը աւելցած 2022-ին սկսած ռուս-ուքրանական պատերազմի պատճառով կազի եւ քարիւղի հոսքերու արհեստական կրճատման, մղած է գիտնականները այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներու որոնման եւ բազմազանեցման, որ սկսած է դրական արդիւնք տալ, թէկուզ շատ սկզբնական եւ մանր քայլերով: Այլեւս ունինք այլընտրանքային կարգ մը աղբիւրներ, ինչպէս՝ հովայինը, ջրայինը, միջուկայինը, արեւայինը եւ այլք, որոնք տակաւին միայն ջնջին մէկ տոկոսը կը բաւարարեն մարդկութեան պահանջին: Սոյն եւ այլ նորարարական աղբիւրներու առաւելագոյն  օգտագործման պարագային, աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան յենակէտերու փոփոխութիւն մը ի յայտ պիտի գայ անխուսափելիօրէն եւ ունենալու ենք electrostates կոչուած երկիրներ, որոնք այդ նոր ուժանիւթերու անհրաժեշտ նիւթերու հայթայթողները պիտի ըլլան: 

Մոլորակի հարստութիւնները դժբախտաբար հաւասարապէս բաժնուած չեն եւ ոչ բոլոր երկիրներն են բախտաւոր: Միջին Արեւելեան երկիրները լաւագոյն օրինակներէն են, որոնք հազարամեակներ մնալով աննշան, միայն քսաններորդ դարու սկզբին քարիւղի եւ կազի ուժանիւթի վերածման արհեստագիտութեան զարգացման առընթեր յայտնուեցան աշխարհի կարեւորագոյն երկիրներու շարքին, շնորհիւ անոնց անսպառ պաշարներու յայտնաբերման: Միացեալ Նահանգները, որ քարիւղ ներածող երկիրներէն էր, միայն տասնամեակ մը առաջ այսօր (shale revolution) կոչուած նորարարութեան արդիւնքով, ներածող երկիր ըլլալէ դարձաւ քարիւղ արտահանող երկիր:

Ներկայիս Չիլիի սահմաններուն մաս կազմող հիւսիսային Atacama անապատը իր  ծովեզերեայ շրջանով, իր Antofagosta նահանգով եւ համանուն քաղաքով, մաս կը կազմէր Պոլիվիային: Շրջանը հարուստ էր caliche կոչուած սպիտակ նիւթով, որ ոչ այլ ինչ էր, քան guan կոչուած թռչուններու արտաթորանքը, որ հազարամեակներու ընթացքին հաւաքուած էր այդ տարածքին եւ հանդիպակաց անմարդաբնակ փոքր կղզիի մը վրայ: Տասնիններորդ դարու վերջերուն, ի յայտ եկաւ որ այդ կղկղանքը կը պարունակէր նիտրատներ (nitrates) որոնք թնթանօթներու արկերու հիմնական նիւթերն են: Շրջանը նաեւ պղինձի հարուստ հանքերով օժտուած էր, դարձեալ կարեւոր հանքանիւթ: 1879-ին Չիլիի բանակը Պոլիվիոյ հետ հարկային վէճ մը պատրուակելով, ծովէն կը ներխուժէ շրջան եւ պարտութեան մատնելով վերջինը, կը տիրանայ շրջանին, անոր նիտրատներու եւ պղինձի հանքերուն եւ այդ օրուընէ զրկելով զայն դէպի ծով ելքէն: Այսօր մարտկոցները ինքնաշարժերու քարիւղի փոխարէն անհրաժեշտ ելեկտրական շարժիչներն են: EV ինքնաշարժերու մարտկոցներուն (batteries) համար հիմնական նիւթը lithium-ն է որով աշխարհի ամէնահարուստ երկիրներէն է Չիլին, Արժանթինի եւ Աւստրալիոյ հետ միասին: Հասկնալի է որ Չիլիի կարեւորութիւնը որքան աւելցած է: Քոնկոն գրեթէ միակ երկիրն է մոլորակին վրայ, ուր Cobalt նիւթը կը գտնուի (աշխարհի պաշարին 70 առ հարիւրը), որ անհրաժեշտ է մարտկոցներուն մէջ լիթիումի հետ միասին: 

Ընդերքի հարստութիւնները սակայն հերիք չեն երկրի մը զարգացման համար: Անոր համար նախապայման է ժողովրդավարութիւնը, կաշառակերութեան եւ փտածութեան հնարաւորինս բացակայութիւնը: Շատ կարեւոր է նաեւ համաշխարհայնացման ընձեռած ճանապարհներու անվտանգութիւնը եւ երկիրներու գիտական եւ կրթական մակարդակը: Արդի մեր սպառողական եւ ընդհանրապէս բոլոր պահանջները այնքան բարդ են, որոնք ծայրէ ծայր ստեղծելու համար գոյութիւն չունի գրեթէ ոչ մէկ երկիր: Որեւէ սարք կամ առարկայ քանի մը երկիրներ կը շրջագայի իր վերջնական տեսքը ունենալու համար: Օրինակ մը տալու համար արժէ յիշել Թայուանը, որ ոչ մէկ հում նիւթով աչքի չիյնար, սակայն աշխարհի կարեւորագոյն երկիրն է կիսահաղորդիչներու արտադրութեան մէջ առանց որոնց մենք բջիջայն հեռաձայներ եւ համակարգիչներ չենք ունենար։ Իսկ Չինաստանը. որ հեռաձայներու արտադրութեան գերպետութիւն է Քորէայի, Հոլանտայի եւ Ճափոնի հետ միասին, կիսահաղորդիչներու (semiconductor chips ) գաղտնիքին դեռ չէ տիրացած, մինչ Ամերիկայի սիլիքոնի հովիտին մէջ անոնց ծրագրաւորումը եւ design ը կ՚ըլլայ, անհրաժեշտ cobalt ը Քոնկոյէն կը ներածուի, լիթիումը Չիլիէն կամ Աւստրալիայէն, մաքուր սիլիքոնը ապակեայ գեր-բարակ խողովակներուն (nanotubes ) համար Անգլիոյ հիւսիսը գտնուող աւազի հանքերէն, պղինձը Արժանթինէն եւ այսպէս հարիւրաւոր այլ մանրամասնութիւններ բազմաթիւ այլ երկիրներէ: 

Մենք կրնանք՞ արեւուն  տակ մեր արժանի տեղը ունենալ զարգացած ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ: Կրնանք, եթէ գիտակցելով որ հում նիւթերով աղքատ երկիր ենք, մեր առաւելագոյնը ընենք կրթութեամբ գերազանց ըլլալու, որպէսզի արտադրողական համաշխարհային ցանցին մէջ մեր ներդրումը ունենանք, ինչպէս Իսրայէլ յաջողած է ընել նոյնիսկ մեր երկրէն աւելի աղքատ բնութեամբ տարածքի վրայ: 

Այդ կարեւոր առաքելութեան համար կրթութեան անյետաձգելի գործին պիտի լծուինք: Պարտադիր: 

 

 

Աւօ Պօղոսեան