Տօնական օրերու առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելութիւններ տուած է Լիբանանահայ գաղութի ընկերային կարեւոր կեդրոններ, որոնց շարքին «Զուարթնոց» կեդրոն։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Կիլիկեան Աթոռի լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելութիւններուն վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ մեր ազգի յատուկ խնամքի կարօտ զաւակներուն հոգատարութեամբ զբաղող «Զուարթնոց» կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէն Վարդինէ Օհանեան Գէորգեանի ու խնամակալութեան կողմէ: Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան խօսք առնելով՝ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ընդհանրապէս եւ Նորին Սուրբ Օծութեան մասնաւորաբար տածած խնամքին, նեցուկին ու ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան կեդրոնին նկատմամբ: Շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքերէն ետք, «Զուարթնոց»ի աշակերտները գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուցին Հայրապետին՝ երգելով նոր տարուան յատուկ երգեր: Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին: Յայտնենք, որ այցելութեան ներկայ էր նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: