image
Հրատապ լուրեր:

Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարարուհին Պուրճ Համուտ այցելած է. Ընդունելութեան խօսք արտասանած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան

Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարարուհին Պուրճ Համուտ այցելած է. Ընդունելութեան խօսք արտասանած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան

Քաղաքապետ Պօղոսեան ելոյթ ունենալով ողջունած է այցելուները, ապա նշած,  որ Պուրճ Համուտ հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու կողմէ, անիկա ճահճոտ շրջան մըն էր,  եւ հետագային դարձած արհեստներու եւ առեւտուրի կեդրոն եւ բազմազանութեան խորհրդանիշ, որ  կ'ընդգրկէ Լիբանանի հասարակութեան բոլոր խաւերը՝ կրօնական եւ քաղաքական, ինչպէս նաեւ գաղթականներ, տեղահանուածներ եւ օտարազգի  աշխատողներ:

Պօղոսեան անդրադառնալով Լիբանանի յաջորդական տագնապներուն, որոնք յաճախ խոչընդոտած են լիբանանեան պետական մարմիններու աշխատանքները,  շնորհակալութիւն յայտնած է այն միութիւններուն, ինչպէս «Նապաին, որոնք աջակցած են կարիքաւորներուն, նաեւ գնահատած է միջազգային կառոյցները, որոնք համագործակցած են քաղաքապետարանին հետ՝ զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու համար:

Քաղաքապետը եզրափակած է խօսքը յոյս յայտնելով, որ Լիբանանն ու Պուրճ Համուտը պիտի յաղթահարեն ճգնաժամերը եւ վերելք արձանագրեն  աջակցութեամ նուիրեալ  բարեկամներու։

 

Օրերս, Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Թանիա Ֆայոն Միջին Արեւելք իր շրջագայութեան ընթացքին, երկօրեայ այց մը կատարած է նաեւ Լիբանան: Պէյրութի այցելութեան ծիրէն ներս Թանիա Ֆայոն իր դիւանագիտական պատուիրակութեան հետ միասին, չորեքշաբթի, 5 փետրուարին, այցելած է Պուրճ Համուտ: 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ   Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի էջէն։

 Կը նշուի, թէ Պուրճ Համուտ  այցելելու նպատակը եղած է ծանօթանալ «Նապա» միութեան քաղաքապետարանին հետ տարած  համատեղ գործունէութեան:

 Լիբանանի Ազգային Միացեալ Վարժարանին մէջ նախարար Ֆայոնի ընդունելութեան ներկայ եղած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, քաղաքապետարանի անդամներ ու պատասխանատուներ: Քաղաքապետ Պօղոսեան ելոյթ ունենալով ողջունած է այցելուները, ապա նշած,  որ Պուրճ Համուտ հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու կողմէ, անիկա ճահճոտ շրջան մըն էր,  եւ հետագային դարձած արհեստներու եւ առեւտուրի կեդրոն եւ բազմազանութեան խորհրդանիշ, որ  կ'ընդգրկէ Լիբանանի հասարակութեան բոլոր խաւերը՝ կրօնական եւ քաղաքական, ինչպէս նաեւ գաղթականներ, տեղահանուածներ եւ օտարազգի  աշխատողներ:

Պօղոսեան անդրադառնալով Լիբանանի յաջորդական տագնապներուն, որոնք յաճախ խոչընդոտած են լիբանանեան պետական մարմիններու աշխատանքները,  շնորհակալութիւն յայտնած է այն միութիւններուն, ինչպէս «Նապաին, որոնք աջակցած են կարիքաւորներուն, նաեւ գնահատած է միջազգային կառոյցները, որոնք համագործակցած են քաղաքապետարանին հետ՝ զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու համար:

Քաղաքապետը եզրափակած է խօսքը յոյս յայտնելով, որ Լիբանանն ու Պուրճ Համուտը պիտի յաղթահարեն ճգնաժամերը եւ վերելք արձանագրեն  աջակցութեամ նուիրեալ  բարեկամներու։

Իր կարգին՝ նախարար Ֆայոն, ծանօթանալէ ետք «Նապա» միութեան աշխատանքներուն եւ քննարկելէ ետք ընկերային  տարբեր նախաձեռնութիւններ, բարձր գնահատած է քաղաքապետարանի եւ «Նապա» միութեան ջանքերը՝ արձագանգելու հասարակութեան կարիքներուն: Ան շեշտած է, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ այսպիսի ջանքերու, որոնք կը հարթեն դժուարութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթած այդ կապակցութեամբ: