image

Յիշելով Յակոբ Եափուճեանը

Յիշելով  Յակոբ  Եափուճեանը

 

«Իր բազմակողմանի յատկութիւններով ան իր կարեւոր ներդրումը բերաւ մեր կեանքի կրթական, մշակութային, հասարակական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Յակոբ Եափուճեանի համար ազգային ծառայութիւնը եղաւ բնական պահանջ, ամէնօրեայ ապրում եւ տագնապ: Ան ծառայեց բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու բծախնդրութեամբ»: Ըստ Արամ Ա. կաթողիկոսին վկայութեան, «Յակոբ Եափուճեան իր ստանձնած պարտականութիւնները կատարեց աշխատասիրութեամբ, հետեւողականութեամբ ու բծախնդրութեամբ, ըլլալով խստապահանջ` նախ իր անձին, ապա իր անմիջական շրջապատին նկատմամբ: Յաճախ եղաւ խիստ իր կարծիքներուն ու անզիջող իր համոզումներուն մէջ: Լաւագոյնին ձգտելու իր ճիգին մէջ ընթացիկ մօտեցումներէն դուրս գալով` ան յաճախ ունեցաւ իր իւրայատուկ տեսակէտը», դիտել կու տար վեհափառ հայրապետը:

 

 

 Վերջին ամիսներուն   իր կողմէ  կատարուած գրառումներու  շարքին մէջ      պէյրութահայ օգտատէր  Սագօ Գասապեան իր էջին  տեղադրած է  գրութիւն մը  ոգեկոչելու    լիբանանահայ  Դաշնակցական   գործիչ  ՝Յակոբ  Եափուճեանի  յիշատակը։ 

 

   «Արեւելք»  գրութիւնը կը ներկայացնէ  իր ընթերցողներու  ուշադրութեան 

 

 Յակոբ Եափուճեան ՝ իր ստանձնած պարտականութիւնները կատարեց աշխատասիրութեամբ, հետեւողականութեամբ ու բծախնդրութեամբ, ըլլալով խստապահանջ` նախ իր անձին, ապա իր անմիջական շրջապատին նկատմամբ»: Արամ Ա. Կաթողիկոս 

Ծնած է 24 Ապրիլ 1945-ին, Պէյրութի հայաշատ Էշրէֆիէ թաղամասին մէջ, Ցեղասպանութենէն վերապրած Հայկազուն եւ Սաթենիկ Եափուճեաններու ազգատենչ եւ մշակութասէր յարկին տակ:

Յաճախած է Էշրէֆիէի Ազգային վարժարանը, ապա՝ Յիսուսեան Միաբանութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ գոլէճը։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն ներս, ուսուցիչ ունենալով Սիմոն Վրացեանը, Մուշեղ Իշխանը եւ Գառնիկ Բանեանը։

Համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանէն ներս, ուրկէ վկայուած է «լիսանս»ի աստիճանով՝ Հաշուապահութիւն-Տնտեսագիտութիւն բաժանմունքէն։

Ուսանողական տարիներուն պատասխանատու պաշտօններ վարած է Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Աշակերտական Միութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ։

1973-ին, եղած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հիմնադիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, հետագային՝ Անթիլիասի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի անդամ, իսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ընթացքին եւ աւարտէն ետք՝ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։

 

Յակոբ Եափուճեանի կուսակցական գործունէութեան մեկնակէտը կը զուգադիպի հայութեան ու յատկապէս Դաշնակցութեան պատմութեան դարձակէտային մէկ հանգրուանին, երբ Հայ դատի պահանջատիրական շարժումը կը ստանար աւելի ուրոյն նկարագիր ու այդ քաղաքական, գաղափարական ու մարտական քուրային մէջ կը համակէր օրուան երիտասարդութիւնը եւ զայն կը դարձնէր աւելի յանձնառու, պատասխանատու ու գաղափարապաշտ: Ասոր զուգահեռ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը մղէր այդ սերունդը՝ բարձր պատասխանատուութեամբ մշակելու ու իրականացնելու հայ համայնքի անվտանգութեան ու գոյատեւման համապատասխան ծրագիրը, երբ համատարած աւերն ու անկայունութիւնը կը սպառնային գաղութի կենսունակութեան ու գոյութեան: Աւելի՛ն. ընկեր Եափուճեան Կեդրոնական կոմիտէի պարտականութիւնը կը ստանձնէր 1984-1986 ժամանակահատուածին, երբ հակադաշնակցական ու թշնամիին կողմէ ի գործ դրուած հակահայ պայքարը այդ հանգրուանին կը խլէր մեզմէ նոյն սերունդին պատկանող կարեւոր ընտրանի մը: 

1990ական թուականներու սկիզբը, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Կիպրոսի Հ.Յ.Դ. կառոյցի վերաշխուժացման եւ վերակենդանացման աշխատանքներուն մէջ։

Ընկեր Եափուճեան, երկար տարիներ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հաշուական-տնտեսական հարցերու խորհրդատու, իր մասնագիտական ներդրումը բերած է Կուսակցութեան այդ ոլորտին մէջ, հաւասարակշռուած եւ ապահով գործունէութիւն ապահովելով: Մասնակցած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան շատ մը Ընդհանուր Ժողովներուն։

Ընկեր Յակոբ Եափուճեանի համար, Դաշնակցութիւնը դեռ շատ ընելիք եւ ըսելիք ունէր։ Իբր գաղափարական ու ազգային կուսակցութիւն, ան մօտէն կը հետեւեր անոր մտաւորականութեան նորարար միտքերուն։

Յաճախ կ'այցելէր «Ազդակ»ի խմբագրատուն, միտքեր կը փոխանակէր, կը գուրգուրար երիտասարդ գրիչներուն վրայ: Տարբեր տարիներու, նաեւ յաճախ կը հանդիպինք Ազդակի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածներուն, իսկ իր կեանքի վերջին ժամանակաշրջանին, ան դաշնակցական մամուլի բովանդակութիւնը հարստացուց դաշնակցական ղեկավար գործիչներ՝ Հրայր Մարուխեանին եւ Սարգիս Զէյթլեանին նուիրուած իր յուշագրական բնոյթի յօդուածաշարքերով, եւ ա՛յդ ձեւով նաեւ անմահացուց իր անունը հայ մամուլին մէջ։

 

Յակոբ Եափուճեան եղած է նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հաւատաւոր անդամներէն, բեղուն գործունէութեամբ մասնակցելով անոր ազգային-մշակութային աշխատանքներուն յաջողութեան համար:

1990-էն առաջ նշանակուած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, եւ այդ տարի, որպէս ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, Աթէնքի մէջ կազմակերպած է Առաջին Պատգամաւորական Ժողովը: Այս Ժողովը անկիւնադարձային էր այն առումով, որ՝ աւարտին, Պատգամաւորական Ժողովը առաջին ընտրովի Կեդրոնական Վարչութիւնը յառաջացուց: Ընկեր Եափուճեան, 1994-2002 տարիներուն, երկու յաջորդական շրջան վարած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը եւ ապա երեք յաջորդական շրջաններ եղած է Համազգայինի հիմնադրամներու կառոյցի ատենապետ։ Մասնակցած է Կեդրոնական Վարչութեան բոլոր պատգամաւորական ժողովներուն։

Մեծ եղած է նաեւ իր դերակատարութիւնը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան արդիականացման աշխատանքներուն ու անոր ծիրի ընթարցակման հոլովոյթին, անոր խնամակալութեան անդամ մնալով մինչեւ մահ։

Եափուճեանի գործունէութիւնը նոյնպէս եղած է բեղուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս, ուր երկար տարիներ եղած է Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Տնտեսական Խորհուրդի անդամ։

Ան իր մահկանացուն կնքեց 3 Փետրուար 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։  

Թաղման արարողութիւնը նախագահող Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, իր արտասանած դամբանականով մէջբերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի վկայութիւնը, ուր վեհափառ հայրապետը կ'ըսէր, թէ վերջին 40 տարիներուն լիբանանահայութեան կեանքին մէջ Յակոբ Եափուճեան եղաւ մնայուն ու տիրական ներկայութիւն: «Իր բազմակողմանի յատկութիւններով ան իր կարեւոր ներդրումը բերաւ մեր կեանքի կրթական, մշակութային, հասարակական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Յակոբ Եափուճեանի համար ազգային ծառայութիւնը եղաւ բնական պահանջ, ամէնօրեայ ապրում եւ տագնապ: Ան ծառայեց բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու բծախնդրութեամբ»: Ըստ Արամ Ա. կաթողիկոսին վկայութեան, «Յակոբ Եափուճեան իր ստանձնած պարտականութիւնները կատարեց աշխատասիրութեամբ, հետեւողականութեամբ ու բծախնդրութեամբ, ըլլալով խստապահանջ` նախ իր անձին, ապա իր անմիջական շրջապատին նկատմամբ: Յաճախ եղաւ խիստ իր կարծիքներուն ու անզիջող իր համոզումներուն մէջ: Լաւագոյնին ձգտելու իր ճիգին մէջ ընթացիկ մօտեցումներէն դուրս գալով` ան յաճախ ունեցաւ իր իւրայատուկ տեսակէտը», դիտել կու տար վեհափառ հայրապետը:

Նկատի ունենալով, որ Յակոբ Եափուճեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խորունկ սէր ու երկիւղածութիւն ունեցած է հայ դպրութեան ու մշակոյթին նկատմամբ, Արամ Ա. վեհափառը, յետ մահու անոր շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:

Ամուսնացած էր, հայր՝ երկու զաւակներու:

Քաղուած հետեւեալ աղբիւրներէն.-

https://m.facebook.com/545120182/posts/10159941632550183/?d=n

https://www.aztagdaily.com/archives/382638