image

Յայտնի է Փաշինեանի ուղղութեամբ խնձոր նետած անձին ինքնութիւնը

Յայտնի է Փաշինեանի ուղղութեամբ խնձոր նետած անձին ինքնութիւնը

Իրաւապահները պարզած են, թէ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռուբինեանց 2 հասցէի շէնքերէն մէկու 9-րդ յարկէն ինչ նետած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդած է Armlur:

Ըստ շէնքի բնակիչներուն՝ պարզուած է, որ 9-րդ յարկի բնակիչ 71-ամեայ Ալպերթ Առստամեան, տեսնելով Փաշինեանը, տունէն առած է խնձորն ու նետած անոր ուղղութեամբ։

Յիշեցնենք, որ երէկ գիշեր Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռուբինեանց 2 հասցէի շէնքի 9-րդ յարկի բնակիչը, տեսնելով Նիկոլ Փաշինեանը, տոււնէն իր նետած էր Նիկոլ Փաշինեանի ուղղութեամբ։

Ողջ գիշերը իրաւապահ համակարգը փնտռած էր կատարողը ու ձերբակալած 71-ամեայ տարեց տղամարդը։

Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի կողմէ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 1-ին մասով, այն է՝ խուլիգանութիւն: