image

Յայնի են Տեղ գիւղի միջադէպին զոհուածներուն անունները

Յայնի են Տեղ գիւղի միջադէպին զոհուածներուն անունները

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու անունները։

Ապրիլ 11-ին ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով, ՀՀ ինքնիշխան տարածքը անձնուիրաբար պաշտպանելու ժամանակ զոհուած զինծառայողներն են՝

Արթուր Աւետիսի Սահակեան (ծն. 1999թ.)

Մկրտիչ Արմէնի Յարութիւնեան (ծն. 1989թ.)

Հենրիկ Վաչագանի Քոչարեան (ծն. 1997թ.)

Նարեկ Գագիկի Սարգսեան (ծն. 1994թ.)

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի պաշտպանութեան համար զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: