image

Յարգա՛նք Լեւոն Գաթրճեանի մեծ վաստակին

Յարգա՛նք Լեւոն Գաթրճեանի մեծ վաստակին

Հայ երգի տարածման իւրայատուկ ներկայացուցիչներէն էր Լեւոն Գաթրճեանը: Ուրիշներ առաւելաբար կ՛երգէին ժողովրդական ու էսդրատային երգեր: Լեւոն Գաթրճեանի երգացանկը կազմուած էր առաւելաբար աշուղական ու ազգագրական ստեղծագործութիւններէ: Ան մեծ ոգեւորութեամբ  կ՛երգէր նաեւ հայրենասիրական ու  ֆետայական երգերը: Լեւոն Գաթրճեան թէ՛ ձայնային եզակի յատկանիշներով օժտուած եւ թէ՛ երաժշտական կրթութիւն ստացած երգիչ էր. ժողովուրդին կողմէ զանազան առիթներով կատարուած երգերը` շնորհիւ իր մեկնաբանութեան, կը ստանային գեղարուեստական գունաւորում ու կը նպաստէին երաժշտական ճաշակի ժողովրդականացման եւ հայաշունչ մթնոլորտի ստեղծման:

 

Լեւոն Գաթրճեանի մահով կ՛անհետանայ 1960-70 թուականներու լիբանանահայ համայնքի վերջին վկաներէն մէկը: Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումներէն ետք, ուռճացած թիւով հայութեամբ խաղաղ Լիբանանի մէջ ազգային կեանքը կ՛եռար բազմապատիկ կշռոյթով: Բազմաթիւ նոր դպրոցներ կը բացուէին, նախակրթարաններ երկրորդականի կը վերածուէին, միութիւնները կը վերակազմակերպուէին ու համագաղութային կառոյցներով կ՛օժտուէին: Թատերական կեանքը աննախընթաց վերելք կ՛ապրէր, թերթերու էջերը կը բազմանային ու նոր անուններով կը ճոխանային, մշակութային, մարզական ու ընկերային ձեռնարկները կը բազմանային ու նոր որակ կը ստանային, մէկ խօսքով, ազգային կեանքը կազմակերպ վերելքի ընթացքով կը յատկանշուէր:

Այս բացառիկ վերելքի պայմաններուն մէջ հոյլ մը երգիչներ հայ երգը մնայուն ներկայութիւն դարձուցին լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Հայ երգը հնչեց բեմերու վրայ, ռատիոժամերէն ու մենահամերգներու միջոցով, բայց նաեւ հաճոյքի վայրերու` սրճարաններու ու ճաշարաններու մէջ:

Հայ երգի տարածման իւրայատուկ ներկայացուցիչներէն էր Լեւոն Գաթրճեանը: Ուրիշներ առաւելաբար կ՛երգէին ժողովրդական ու էսդրատային երգեր: Լեւոն Գաթրճեանի երգացանկը կազմուած էր առաւելաբար աշուղական ու ազգագրական ստեղծագործութիւններէ: Ան մեծ ոգեւորութեամբ  կ՛երգէր նաեւ հայրենասիրական ու  ֆետայական երգերը: Լեւոն Գաթրճեան թէ՛ ձայնային եզակի յատկանիշներով օժտուած եւ թէ՛ երաժշտական կրթութիւն ստացած երգիչ էր. ժողովուրդին կողմէ զանազան առիթներով կատարուած երգերը` շնորհիւ իր մեկնաբանութեան, կը ստանային գեղարուեստական գունաւորում ու կը նպաստէին երաժշտական ճաշակի ժողովրդականացման եւ հայաշունչ մթնոլորտի ստեղծման:

Լեւոն Գաթրճեան հետագային շրջեցաւ երկրէ երկիր, մենահամերգներով հանդէս եկաւ սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղթօճախներուն մէջ, նաեւ բախտը ունեցաւ երգելու Հայաստանի մէջ: Մեծ է Լեւոն Գաթրճեանի երախտիքը ազգային բիւրեղ ակունքներէն հնչած երգերու դաշնաւորման ու ժողովրդականացման մէջ:

Վարձքը կատար հայ երգի շրջուն դեսպան Լեւոն Գաթրճեանին:

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

20 յուլիս 2022