image

Յանուն հաւատքի եւ գրիչի. Այնճարի մէջ Հ.Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեանի վաստակին նուիրուած երեկոյ(Լուսանկար)

 Յանուն հաւատքի եւ գրիչի. Այնճարի մէջ Հ.Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեանի վաստակին նուիրուած երեկոյ(Լուսանկար)

Աւելի քան 300 տարիներ մեր ժողովուրդի մշակոյթի ջահը վառ պահած Մխիթարեան միաբանութեան նուիրեալ հայրերը կը շարունակեն քալել ծառայութեան նոյն ճամբով։ Երէկ երբ մթագնած էր հայոց աշխարհը, անոնք երազը ունեցան հայոց տառ ու տիպը փրկելու ծանր բայց քաղցր գործին եւ յաչս ամբողջ աշխարհին մաքրութեամբ կատարեգին իրենց վկայութիւնը։

 

 Վկաներ են անոնք, վկաներ Քրիստոսի Աստուածութեան եւ արարիչի պատկերին մէջ հայկական հաւատքի կաթիլ մը սերմ դնելու առաքելութեան։ 

 Վկաներ, որոնք  Քրիստոսի հաւատքին կողքին մեզի տուին մեծ սէրը հանդէպ մեր լեզուին ու մշակոյթին։

Այդ նուիրեալ հայրերէն է Հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանը, որ երկա՜ր, շատ երկար ատեններէ ի վեր կը շարունակէ նուիրուածաբար ծառայել Քրիստոնէական հաւատքին ու նաեւ տիրական տեղ տալ մեր լեզուին ու մշակոյթին։Մէկ ձեռքին Խաչ ու Աւետարան , միւս ձեռքին ալ Մեսրոպ Մաշտոցի, Նարեկացիի եւ Վարուժանի հիսաքանչ բառն ու խօսքը տարածելով Հայր Մեսրոպը միացուց, նոյնացուց, ամրակապեց մեր հաւատքն ու լեզուն։Տասնեակ հատորներու տէր Վարդապետը, ի տարբերութիւն հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող շատ-շատ գործիչներու մնաց տիրական եւ ամուր։ Տիրական իր համեստութեանը մէջ եւ ամուր իր առաքելութեան մէջ։  Ի դէպ երախտիքի այս խօսքը կ՚արձանագրենք օգտուելով Լիբանանի Այնճար հայաւանի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան օրերս յանձն առած նախաձեռնութիւնէն, որ բարի նպատակը ունէր գեղեցիկ առիթով մը լոյսին հանել Մեսրոպ Վարդապետի շնորհեալ անձին, ու անոր նուիրական գիրին ու գրչին իսկական վաստակը։

 Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ պատրաստուած լրատւութիւնը։ 

 

 

Մեծարանքի երեկոյթ՝ նուիրուած Հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանի (գրչանուն՝ Մեսրոպ Հայունի)

 

 

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 6 Մայիս 2022-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյթ՝ նուիրուած Հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանի։ Ձեռնարկը կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ռաֆայէլ ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքին։ Ներկայ էին տէր վարուժան արք. Հերկելեան, հայր Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, նախարար Ճորճ Պուչիկեան, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։ 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շաղիկ Պէրպէրեան, ապա Մեսրոպ Հայունիի 60-ամեայ գրական-ստեղծագործական կեանքը ներկայացուց տոքթ. Փանոս Թասլաքեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ բեղուն գրիչի մը արգասիքը հանդիսացող գրական-բանասիրական, փիլիսոփայական-աստուածաբանական բազմաթիւ հատորներուն։

Յոբելեարին մասին իր վկայութեամբ հանդէս եկաւ պրն. Եսայի հաւաթեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ ներկայացնելով հայր Մեսրոպի կենսագրականն ու եկեղեցական գործունէութիւնը։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Լիլիթ Աբրահամեան, որ մեկնաբանեց «Խնկի ծառի նման ես» շարականը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Հելենա Քէրքէզեանի։

Երեկոն ճոխացաւ նաեւ տիկ. Սիլվա Քէչէճեանի աշուղական երգերով, որմէ ետք տիկ. Արփա Անտոնեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Խաչբուռ»ը։

Այս առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ Հայր Մեսրոպ Թօփալեանի նորատիպ «Բանասիրութեան Ուղեւորը՝ Դոկտ. Հայր Ներսէս վրդ. Ակինեան ( 1883-1963)» գիրքին շնորհահանդէսը։

Գիրքը ներկայացուց տոքթ. Խաժակ Այնթապեան, որ իր տպաւորիչ խօսքով յաջողեցաւ հանդիսատեսին ծանօթացնել հայ մեծանուն մարդ, Մխիթարեան միաբան, բանասիրութեան անխոնջ մշակ, գիտնական, պատմաբան եւ բանաստեղծ հայր Ակինեանը։

 

 

Կատարուեցաւ գինեձօնի արարողութիւն։ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Հայր Մեսրոպի նուիրեց դիմանկար-յուշանուէր մը՝ իրագործուած արուեստագէտ Կարպիս Քէնտիրճեանի կողմէ, ապա շնորհակալական խօսք առաւ յոբելեարը։ Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ կաթողիկոս-պատրիարքին օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։

Տեղի ունեցաւ նաեւ Մեսրոպ Հայունիի գիրքերուն ցուցադրութիւնը եւ մակագրութիւնը։

Այս առիթով պատրաստուած էր նաեւ փոքր հիւրասիրութիւն մը։

Ներկաները մեկնեցան սրահէն՝ երեկոյթը լիցքաւորող հոգեմտաւոր արժէքներու բարձր գիտակցութեամբ։