image

Յառաջիկայ օրերուն՝ Թրամփ-Փութին հեռախօսազրո՞յց. Թրամփ լաւատես է

Յառաջիկայ օրերուն՝ Թրամփ-Փութին հեռախօսազրո՞յց. Թրամփ լաւատես է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյսով է, որ այս շաբաթ կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը հեռախօսազրոյց ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: 

«Այդ  տեղի պիտի ունենայ, կը կարծեմ՝ այս շաբաթ կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը»,- ըսած  է նախագահը լրագրողներուն:

Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ յանձնառու է Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հանդիպումը տեղի ունեցած էր 15 օգոստոսին, Ալասքայի մէջ: