image

Յակոբ Գույումճեանի յիշատակին. Մարդը եւ արուեստագէտը

  Յակոբ Գույումճեանի յիշատակին. Մարդը եւ արուեստագէտը

 Օրեր  առաջ  Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է  լիբանանահայ   հասարակական գործիչ,  մշակոյթի զինուոր, հմուտ ասմունքով եւ նուիրեալ՝ Թէքէեանական (Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամ)՝  Յակոբ  Գույումճեանը։ 

Այս տխուր առթիւ  «Արեւելք» խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնէ   հանգուցեալի  հարազատներուն եւ լոյսին  կու տայ ՌԱԿ պաշտօնաթերթ՝  «Պայքար»ի մէջ    անցնող  կիրակի օր   հրապարակուած   եւ Վիգէն Թոսունեանի ստորագրութիւնը կրող    սրտի խօսքը։ 

26 Հոկտեմբեր 2022-ին, Երեւանի մէջ իր աչքերը փակեց լիբանանահայ ճարտարապետ եւ ասմունքող Յակոբ Գույումճեանը: Տաղանդը աստուածատուր շնորհ մըն է եւ ամէն մարդ տաղանդ մը ունի եւ պէտք է զարգացնէ զայն: Աստուած Յակոբ Գույումճեանին շնորհած էր ասմունքելու տաղանդը: Յակոբ Գույումճեան հայ մշակոյթի նուիրեալ մըն էր բառին բուն իմաստով: Իր արհեստի՝ ճարտարապետութեան կողքին ան հետեւեցաւ իր տաղանդին՝ ասմունքին: Եւ Յակոբ հիանալի ասմունքող մըն էր: Հասաւ այն մակարդակին, որ հրաւէր ստացաւ ասմունքելու հայրենի մեծ ասմունքի վարպետներու հետ: Արուեստագէտներ իր հիւրերն էին միշտ: 

Ծնած է Պէյրութ:  Աւարտած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի $Յովակիմեան Մանուկեան# երկրորդական վարժարանը: 1966-էն 1971 թուականներուն ուսանած է Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ (Փոլիտեխնիկ), ստանալով ճարտարապետի մասնագիտութիւն: $Հայաստանի մէջ  ուսանելուս ուսուցիչներս նպաստեցին, որոնք ամէն գնով մեզ հայրենասիրութեամբ կ’ոգեշնչէին: Անոնք, Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդ ըլլալով, մտքի մէջ Հայրենիք վերադառնալու յոյսը միշտ վառ կը պահէին#,-կը յիշէ Յակոբ Գույումճեան եւ կ’աւելցնէ, որ այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ ուսանիլը  իրենց համար երազանք  եղած է, որուն հետեւանքով` չորս դասընկերներով  որոշած են  Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսում ստանալ:

Ուսումնառութենէն  ետք Յակոբ Գույումճեան վերադարձած է Պէյրութ եւ աշխատած ճարտարապետական գրասենեակներու մէջ, ուր տարիներու ընթացքին երկու տարբեր գրասենեակներու մէջ տնօրէնի աստիճանին  հասած է: Ապա, 1985 թուականին ունեցած է իր անձնական ճարտարապետական գրասենեակը: Մասնագիտական աշխատանքի տարիներու ընթացքին, որոնք զուգադիպած են լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, աշխատանքը վերիվայրումներով եւ տատանումներով  ընթացած է: Սակայն, հակառակ այդ բոլորին, մասնագիտական ասպարէզին մէջ ան  կրցած է արգասաբեր ստեղծագործական կեանք ունենալ: Աշխատանքային գործունէութեան տարիներուն Յակոբ Գույումճեան Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի երկիրներուն համար իրագործած է բազմազան ճարտարապետական նախագիծեր:

Ասմունքի աշխարհը Յակոբ Գույումճեանը մանկութեան տարիներէն  գերած է: Դպրոցին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներու ընթացքին  աչքի ինկած է բանաստեղծութիւններու անթերի կատարումներով. ուսուցիչները, անոր մօտ նկատելով այդ տաղանդը, միշտ քաջալերած են եւ առաջարկած, որ դպրոցական հանդէսներու ժամանակ անպայման արտասանէ: Ապա Հայաստանի մէջ ուսանողական տարիներուն ասմունքելու յաճախակի առիթներ  եղած են: Իր ասմունքով տպաւորուած`դրուատանքի եւ քաջալերանքի խօսքեր ըսած են Սիլվա Կապուտիկեան, Ռաֆայէլ Արամեան ու Լեւոն Միրիջանեան, Պարոյր Սեւակն ու Մկրտիչ Կորիւնը, ինչպէս նաեւ այլ մտաւորականներ: Յակոբ Գույումճեան հայ մեծանուն վարպետներուն հետ նոյն բեմին վրայ ելոյթ ունենալը բարեբախտութիւն կը համարէ եւ կ’աւելցնէ, որ այդ տարիներուն ալ հիմնաւոր կերպով ամրապնդուած է ասմունքի ասպարէզին նուիրուելու անոր մտածողութիւնը: Տարիներու ընթացքին գրական մենահամերգներով հանդէս  եկած է Սփիւռքի բոլոր հայաշատ համայնքներուն մէջ` Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներ:

Յակոբ Գույումճեան ասմունքին զուգահեռ պատասխանատու պաշտօններ վարած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի, Փորթուգալեան ուսանողական ակումբին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մէջ: Թէեւ ընտանիք չկազմեց Յակոբ, սակայն իր եղբօր զաւակները մղեց ազգային ծառայութեան: Թունդ եւ անզիջող հայրենասէր մըն էր Յակոբ եւ չէր ընդուներ որեւէ ապօրինի գործունէութիւն կուսակցութեան, միութեան կամ ազգային որեւէ կառոյցի մէջ: Իրեն համար Հայրենիքը հայու միակ ապաւէնն էր ու զայն պէտք է պահել ամէն գինով:

Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու համար վիշտս Յակոբ Գույումճեան հայ մտաւորականի մահուան առիթով: Յակոբի, իր տաղանդին հետեւելու կամքը թող վարակիչ ըլլայ մեր նոր սերունդին համար: Խունկ եւ աղօթք իր անմահ յիշատակին: