image

Կապրիէլլա (Կապի) Իսկէնտէրեանի քաղցր յիշատակին. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քահանայի գրառումը (Լուսանկար)

Կապրիէլլա (Կապի) Իսկէնտէրեանի քաղցր յիշատակին. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քահանայի գրառումը  (Լուսանկար)

Մենք երկրի վրայ գանձ մը կորսնցուցինք, բայց երկինքը փոքրիկ հրեշտակ մը շահեցաւ: Այո՛, Կապին իսկապէս հրեշտակ է։ Կ՛աղօթենք որ Աստուած օրհնէ Կապիի բարի եւ քաղցր յիշատակը, եւ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը պարգեւէ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն: 

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի նուիրեալ   քահանայ  Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Լագիսեան կը գրէ՝ 

 

Կապրիէլլա (Կապի) Իսկէնտէրեանի կեանքը ցաւալիօրէն քանակով կարճ եղաւ, բայց որակով ուսանելի:

Առաջին անգամ, ես փոքրիկն Կապիին հանդիպեցայ Կիրակի, Մարտ 23, 2025-ին, Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, երբ ծունկի եկած կ՛աղօթէր Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ խորանին առջեւ: Այդ օր մտերմացանք ու ընկերներ դարձանք, ծանօթացայ առողջական վիճակին եւ մինչեւ Հոկտեմբեր 1, զանազան առիթներով հանդիպեցանք եւ միշտ աղօթեցինք իրարու համար: Հակառակ իր առողջական ծանր վիճակին, ժպիտը դէմքին, անսահման սէրը Աստուծոյ եւ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ծննդավայր Հայաստանի նկատմամբ, մնացին տիրական ներկայութիւն իր կարճ՝ սակայն իմաստալից կեանքին:

Այս քանի մը տողերով կ՛ուզեմ յարգել եւ յիշել Կապիի դրական ազդեցութիւնը զոր ունեցաւ զինք ճանչցողներուս վրայ, նոյնիսկ եթէ ան ապրեցաւ շատ կարճ, միայն 6 տարիներ այս երկրի վրայ: 

Մենք երկրի վրայ գանձ մը կորսնցուցինք, բայց երկինքը փոքրիկ հրեշտակ մը շահեցաւ: Այո՛, Կապին իսկապէս հրեշտակ է։ Կ՛աղօթենք որ Աստուած օրհնէ Կապիի բարի եւ քաղցր յիշատակը, եւ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը պարգեւէ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն: 

Աստուած Հոգին Լուսաւորէ