image
Հրատապ լուրեր:

Կիրակոս Գույումճեանին KHF-ի բարձրագոյն պարգեւը շնորհուեցաւ.Պատիւ մեր հայրենակցին

Կիրակոս Գույումճեանին KHF-ի բարձրագոյն պարգեւը շնորհուեցաւ.Պատիւ մեր հայրենակցին

Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութիւնը (KHF) իր տարեկան բարեսիրական ընթրիքը կազմակերպեց տարեվերջին՝ Դեկտեմբերի 11-ին, «Սենթ Ռեժիս-Շիրաթոն» բարձրակարգ պանդոկին մէջ՝ ներկայութեամբ միութեան անդամներու, տեղացի եւ օտար բարձրաստիճան հիւրերու: Հիւրերու շարքին էր նաեւ Քուէյթի  մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ արտակարգ դեսպան, դոկտոր Արսէն Առաքելեան:

Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութիւնը հիմնուած է 2018-ին․ նպատակն է՝ աջակցիլ ուսանողներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն, բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերել: Իւրաքանչիւր տարի միութիւնը բարեսիրական ընթրիք կը կամակերպէ եւ կը պարգեւատրէ 10 անձնաւորութիւններու , որոնք օժանդակած են Քուէյթի բարգաւաճման եւ նեցուկ կանգնած են միութեան։

8 Պարգեւատրեալներու շարքին Կիրակոս Գույումճեանի  պարգեւտրամը. Քուէյթի հայ համայնքի համար  հպարտութիւն

Այս տարի պարգեւատրուած անձանց մէջ էր նաեւ մեր հայրենակիցը՝  քուէյթաբնակ գործարար, սփիւռքահայ մտաւորական, գրող Կիրակոս Գույումճեան, որ բարձր գնահատանքի արժանացաւ հայ-քուէյթեան կրթական եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն իր անխոնջ աջակցութեան համար։  Ան «Ներսէս Շնորհալի»  տարեկան ուսանողական մրցանակի հովանաւորն է՝ Քուէյթ եւ Հալէպ քաղաքներուն մէջ,  զանազան նախաձեռնութիւններու, գիրքերու հեղինակ է եւ իր ներդրումը կը դասուի այն անհատներու շարքին, որոնք զգալի կերպով նպաստած են  Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութեան առաքելութեան։

Միութեան առանձնայատկութիւնները

Միջոցառման ընթացին միութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Ահմատ Ալ-Սարրաֆ շեշտեց կազմակերպութեան իւրայատկութիւնը՝ բացատրելով, որ KHF-ը գործառնական ծախսերու ամբողջական ինքնուրոյն աշխատանք կը վարէ՝ շնորհիւ հիմնադիրներու մեծ ներդրումներուն, նշելով, որ հիմնադիրները շատ մեծ գումարներ նուիրաբերած են, որոնք կը ծածկեն ընկերակցութեան բոլոր ծախսերը երկար տարիներու համար։ 

«Մենք մեր ջանքերը կեդրոնացուցինք մարդասիրական խնդիրներուն վրայ, եւ համոզուեցանք, որ առաջնահերթութիւնն ընծայուած է հիւանդ ու կարիքաւոր օտարերկրացի բնակիչներուն, յատկապէս ամենաթոյլերուն։ Մենք երբեք խտրութիւն չենք դրած սեռի, գոյնի կամ կրօնքի միջեւ»,- ընդգծած է Ալ-Սարրաֆը:

Նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ միութեան հաշիւները միշտ մաքուր են՝ արդարացի եւ նախարարութեան բարձր պաշտօնեաներու ներկայութեամբ՝ ապացուցելով իր ամբողջական թափանցիկութիւնը եւ օրինապահութիւնը:

Սուլէյման Ալ-Պասսամի պատուոյ շնորհումը

Միջոցառման ընթացքին պատիւի արժանացաւ նաեւ բեմադրիչ Սուլէյման Ալ-Պասսամը՝ իր եւ իր հօր կողմէ հազարաւոր կարիքաւոր ընտանիքներու եւ հիւանդներու ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար: Ալ-Պասսամ շեշտեց, որ նման նախաձեռնութիւններուն օժանդակիլը պարտաւորութիւն է եւ արժանի է բարձր գնահատանքի: Ան յիշեց, որ իր հայրը՝ պատկանելով սերունդին, որ տեսած է Քուէյթը իբրեւ սիրոյ եւ մարդասիրութեան երկիր, եղած է KHF հիմնադրման առաջին աջակիցներէն: «Պատիւ է ինծի շարունակել այս նուիրումը ձեր եւ ձեր ազնիւ ջանքերուն կողքին», -եզրափակեց Ալ-Պասսամը:

Այս ամէնէն ետք մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է տեսնել մեր հայրենակիցը՝ Կիրակոս Գույումճեանը, արժանացած այս խոշոր, միջազգային նշանակութեան մարդասիրական կազմակերպութեան՝ Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութեան (KHF) պատուոյ կարգին։ Նման գնահատանքը ոչ միայն կը հաստատէ անոր նուիրուածութիւնը հայ եւ քուէյթաբնակ համայնքներու զարգացմանը, այլեւ օրինակ կը ծառայէ բոլոր անոնց համար, ովքեր կը ջանան ծառայել մարդասիրութեան եւ կրթութեան գաղափարներուն։