image
Հրատապ լուրեր:

Wikileaks. Էրտողան «Իսլամական պետութեան» իրական ղեկավարն է

Wikileaks. Էրտողան «Իսլամական պետութեան» իրական ղեկավարն է

Wikileaks-ի՝ վերջերս հրապարակուած թուղթերը կը մեղադրեն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` «Իսլամական պետութիւն»՝ Տահէշը տարածաշրջանի երկիրներուն, դէմ որպէս սպառնալիք օգտագործելուն մէջ:

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան պատկանող ել-նամակի նոր բացայայտումներուն լոյսին տակ 18 հոկտեմբերին եղած հրապարակման մէջ կ'ըսուի, որ Էրտողան օգտագործած է կազմակերպութիւնը՝ իրաքցիներուն սպառնալու համար:

Էրտողան այս կապակցութեամբ, պատուիրակութիւններ ուղարկած էր Պաղտատ` վարչապետ Հայտար Ապատիի, եւ Իրպիլ՝ Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարազանիի մօտ, որպէսզի պայմանաւորուածութութիւններու հասնին քրտական PKK-ին դէմ կռուելու, որուն դիմաց Թուրքիա պիտի չէզոքացնէ Տահէշի ազդեցութիւնը:

Փաստաթղթերը նաեւ ցոյց կու տան գաղտնի կերպով Էրտողանի եւ Տահէշի միջեւ եղած համագործակցութեան խորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատեն Թուրքիոյ վարչակարգի ներգրաւուածութիւնը՝ ահաբեկչական գործարքներու մէջ: Մասնաւորապէս կը նշուի Սուրիոյ մէջ ծայր առած քաղաքացիական պատերազմին, Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէկ երորդի գրաւումին եւ այնտեղ Տահէշի խալիֆայութիւն հռչակելուն աջակցութեան առընլեր:

Թուրքիոյ նախագահը ռազմական ղեկավարաներու միջոցաւ Դամասկոսի մէջ նաեւ բանակցութիւններ կատարած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ, վերջինիս առաջարկելով Սուրիոյ իշխանութեան մէջ բաժին յատկացնել «Իսլամ եղբայրներ»ուն, որուն փոխարէն Թուրքիա վերջ կու տայ զինեալ ընդդիմութեան գոյութեան: WikiLeaks- ի բացայայտումները նաեւ կ'ըսեն, թէ Էրտողան, որ խստօրէն կը քննադատէ Ասատը եւ կը պահանջէ անոր հեռացումը, նոյն ատեն Ասատի հետ գաղտնի խօսակցութիւններ կ'ունենայ թուրք պատասխանատուներ Դամասկոս ուղարկելով եւ թաքուն բանակցութիւններ վարելով: