«Զանգեզուրի միջանցք»ը շահեկան է ոչ միայն Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այլեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու համար։ Մենք այդ ուղին կը դիտարկենք նաեւ որպէս չափազանց կարեւոր թեմայ՝ իր աշխարհատնտեսական նշանակութեամբ. այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:
«Իրականութեան մէջ, այդ միջանցքը կը միացնի նաեւ մեր տարածաշրջանէն դուրս գտնուող աշխարհագրական տարածքներ եւ նոր թափ կը հաղորդէ առեւտուրին։ Մեր հիմնական ակնկալիքն այն է, որ այս ուղին չդառնայ հակասութիւններու աղբիւր, այլ վերածուի համաձայնութեան խորհրդանիշի։ Այդպիսով, տարածաշրջանը կը վերածուի համագործակցութեան վրայ հիմնուած բարօրութեան գօտիի։ Ես կը հաւատամ, որ մենք՝ որպէս տարածաշրջանի երկիրներ՝ կրնանք այս հարցը լուծել փոխըմբռնմամբ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը մեծ նշանակութիւն կու տայ Զանգեզուրին։ Ան կ՚ուզէ որքան հնարաւոր է շուտ աւարտին հասցնել այդ երթուղիի շինարարութեան գործընթացը՝ այն շահագործելով թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ ամբողջ տարածաշրջանի համար։ Կը հաւատամ, որ այս հարցը մենք պիտի լուծենք համատեղ»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: