image
Հրատապ լուրեր:

«Վրէժի ժամանակը մօտ է» Իրանցի զօրահրամանատար

«Վրէժի ժամանակը մօտ է» Իրանցի զօրահրամանատար

Իրանի մէջ անկարգութիւններ հրահրելու համար թշնամիները դիմած են նենգ դաւադրութեան։ Այս մասին յայտարարած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու կորպուսի հրամանատար, զօրավար-մայոր Հոսէյն Սալամին՝ թշնամիները զգուշացնելով մօտալուտ վրէժի մասին, հաղորդած է Tasnim-ը։

Ան զգուշացուցած է Իրանի դէմ թշնամական սենարներու մասին՝ ըսելով, որ անոնք ծրագրուած են Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի եւ շարք մը եւրոպական երկիրներու կողմէ: 

Խօսելով Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած անկարգութիւններու մասին՝ զօրավարը նշած է, որ թշնամիներու կողմէ խաբուած երիտասարդներու փոքր խումբ մը շուտով պիտի հասկնայ իր սխալը։ Իրանը շուտով վրէժխնդիր պիտի ըլլայ իր թշնամիներէն՝ նոյն երիտասարդներու օգնութեամբ, զգուշացուցած է Սալամին։