Վրաստանի վեցերորդ նախագահ ընտրուած է իշխող «Վրացական երազանք-Ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան թեկնածու, խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Միխէիլ Քաւելաշվիլին։
Այս մասին կը վկայեն ձայներու հաշուարկի արդիւնքները, որոնք ուղիղ եթերով հեռարձակուած են խորհրդարանի կայքին մէջ։
Կաւելաշվիլիի օգտին քուէարկած է 300 ընտրողներէ կազմուած խումբի 224 անդամ։ Նախագահ ընտրուելու համար անոր անհրաժեշտ էր ստանալ 200 ձայն։
Ընդդիմութիւնը չէ մասնակցած խորհրդարանի շէնքին մէջ կայացած նիստին, որու ժամանակ նախագահ ընտրուած է։
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ անոնց կողմնակիցները խորհրդարանի շէնքի մօտ բողոքի ցոյց կատարած են։
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին յայտարարած է, որ պիտի չհրաժարի նախագահի պաշտօնէն։