image

Վրաստանի մէջ գրանցուած երկրաշարժը զգացուած է Հայաստանի մէջ

Վրաստանի մէջ գրանցուած երկրաշարժը զգացուած է Հայաստանի մէջ

Յուլիս 17-ին, տեղական ժամանակով ժամը 06։09-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը 02:09-ին) ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41.48⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 45.87⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Վրաստան՝ Կուրճաանի քաղաքէն 30 քմ հարաւ, օճախի 10 քմ խորութեամբ 4.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Կեդրոնական գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 5-6 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Տաւուշի մարզի, Լոռիի մարզի Վանաձոր, Սպիտակ, Ալավերդի քաղաքներու՝ 3-4 աստիճան, Գեղարքունիքի մարզի՝ 3 աստիճան, Կոտայքի մարզի Հրազդան, Չարենցաւան քաղաքներու՝ 3 աստիճան եւ Երեւան քաղաքի մէջ՝ 2 աստիճան ուժգնութեամբ։