Ըստ իսրայէլեան «Հաարէթց» պարբերականին Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը սկիզբ պիտի առնէ երեքշաբթի, կամ ամենաուշը չորեքշաբթի օր։
Պարբերականը, որ այս մասին լուր հրապարակած է նշած է, որ ամերիկեան աղբիւրներ կապ հաստատած են Թէլ Աւիւի իշխանութեանց հետ խորհուրդ տալով, որ արագօրէն տարհանեն ցարդ Ուքրանիա գտնուող Իսրայէլի քաղաքացիները։
Նշուած է նաեւ, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը այս առաքելութիւնն իրականացնելու համար ժամանակ ունի մինչեւ երեքշաբթի օր։
Լուրը՝ «Ալ Նահար»էն