Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կը պահանջեն, որ Արեւմուտքը գործուն ճնշում գործադրէ Վրաստանի եւ ասիական երկիրներուն վրայ՝ երկրորդ ճակատ բանալու համար, ըսած է Վրաստանի խորհրդարանի փոխխօսնակ, իշխող «Վրացական երազանք՝ ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան պատգամաւոր Կիա Վոլսքին, գրած է sputnik-georgia.ru-ն։
Գործակալութիւնը նկատել տուած է, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչները բազմիցս կոչ ըրած են Վրաստանին օգտուելու առիթէն եւ վերադարձնելու կորսնցուցած տարածքները։ Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեքսէյ Տանիլով առաջիններէն մէկն էր, որ Վրաստանին կոչ ըրած է բանալու Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ երկրորդ ճակատ մը։ Այդ, անոր խօսքով, մեծապէս կ'օգնէ Ուքրանիոյ։
«Ուքրանիոյ իշխանութիւնները որոշած են, որ Վրաստանը պատերազմի մէջ ներքաշելը կ'ըլլայ Ռուսիոյ համար լուրջ խնդիրներ ստեղծելու ամենակարեւոր լծակներէն մէկը։ Ուքրանիան Արեւմուտքէն կը պահանջէ ոչ միայն զէնք, այլեւ գործուն ճնշում Վրաստանի վրայ՝ երկրորդ ճակատ բանալու համար։ Եւ ոչ միայն Վրաստանի մասով, քննարկուած են նաեւ Ասիոյ երկիրները»,- ըսած է Վոլսքին։
Անոնք բացայայտ կը յայտարարեն, որ ժողովուրդը լաւ է, բայց իշխանութիւնը լաւ չէ, կարծես թէ ժողովուրդը չէ, որ ընտրած է այս իշխանութիւնները, աւելցուցած է Վոլսքին։
«Կայ մէկ նշանաբան՝ պէտք է հաշուի առնել ամենավատ դէպքը, որ կրնայ պատահիլ ձեր երկրին հետ: Համաշխարհային քաղաքականութիւնն այնքան սառնասիրտ ու գործնական է, որ երբ խօսքը կը վերաբերի երկրի շահերուն, անոնց համար բացարձակապէս նշանակութիւն չկայ»,- ըսած է քաղաքական գործիչը: