image

«Սուրմալուի» եւ «Փեթակի» առեւտրականները գործադուլ կը սկսին. պահանջը ճանապարհը բանալն է

«Սուրմալուի» եւ «Փեթակի» առեւտրականները գործադուլ կը սկսին. պահանջը ճանապարհը բանալն է

Այսօր` «Սուրմալուի» պայթումէն շուրջ 1 ամիս անց, Երեւանի «Սուրմալու» եւ «Փեթակ» առեւտուրի կեդրոններու աշխատակիցները բողոքի հաւաք կազմակերպած են` սպառնալով իրենց խնդիրները չլուծելու պարագային գործադուլ սկսիլ։

Անոնց խօսքով` պայթումէն ետք շուրջ 200 մարդ չի կրնար աշխատիլ։ Պատճառն, ըստ անոնց, պատահարէն ետք Քրիստափորի փողոցի նախ փակ, ապա միակողմանի փակ ըլլալն է։

«Ճանապարհը փակ է, դրա համար էլ ոչ մի մարդ չի գալիս»,– լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է աշխատակիցներէն մէկը։

Մէկ ուրիշի խօսքով ալ` յաճախորդներու թիւի նուազման նպաստած են նաեւ «Փեթակ» առեւտուրի կեդրոնի անվտանգութեան մասին պետական մակարդակով եղած յայտարարութիւնները։

««Փեթակ» տօնավաճառում մօտ 800-900 առեւտուր անողներ կան` ՍՊԸ–ներ, ԱՁ–ներ, նոյնը` «Սուրմալուն»։ Հիմա որ այսքան մարդ անգործ մնայ, որտե՞ղ պէտք է տեղաւորուեն, տեղ չկայ»,– ըսած է առեւտրականներէն մէկը։

Խնդիրն այն է, որ «Սուրմալուի» պայթումէն ետք Քրիստափորի փողոցի մէկ հատուածի երթեւեկութիւնը փակուած էր։ 23 Օգոստոսէն այն միակողմանի բացուած է: Բայց այդ երթեւեկութիւնն, ըստ բողոքի ցոյցի մասնակիցներու, թոյլ չի տար, որ տուեալ հատուածին մէջ գտնուող առեւտուրի տաղաւարները բնականոն գործեն։ Յաճախորդները կը խուսափին մտնել միակողմանի փողոց։

Քրիստափորի փողոցը կը գտնուի «Փեթակի» ու «Սուրմալուի» մէջտեղը, երկու առեւտուրի կեդրոնները փողոցի երկու կողմերուն են` իրար դիմաց, հտեւաբար այս փողոցէն կ'օգտուին միաժամանակ երկու առեւտուրի կեդրոններու թէ՛ աշխատողները, թէ՛ յաճախորդները։

Պաշտօնապէս յայտարարուած է, որ ճանապարհը միակողմանի պիտի գործէ մինչեւ տարեվերջ։