image

Ուքրանիան հրթիռակոծած է Սեւասթոփոլը, ուր կայ 24 տուժած, իսկ Ռուսիան գնդակոծած է Խերսոնը

Ուքրանիան հրթիռակոծած է Սեւասթոփոլը, ուր կայ 24 տուժած, իսկ  Ռուսիան գնդակոծած է Խերսոնը

Սեւասթոփոլի մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հրթիռային յարձակման հետեւանքով տուժած է 24 մարդ, յայտնած է քաղաքի նահանգապետ Միխայիլ Ռազվոժաեւը Telegram-ի իր էջին։

«Ես կը գտնուիմ «Սեւմորզավոտ» գործարանի հարաւային հատուածին մէջ բռնկած հրդեհի վայրին մէջ... յարձակման հետեւանքով, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, տուժած է ընդհանուր առմամբ 24 մարդ, որոնցմէ չորսի վիճակը միջին ծանրութեան է», - գրած է ան:

«Բոլոր դաշտային ծառայութիւնները կ'աշխատին գետնի վրայ, քաղաքի քաղաքացիական կառոյցներուն վտանգ չի սպառնար»,- նշած է Ռազվոժաեւը։

Մինչդեռ korrespondent.net-ը յայտնած է, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ռուսական զօրքերը 85 անգամ գնդակոծած են Խերսոնի մարզը։ Վիրաւորուած է չորս խաղաղ բնակիչ։

Ընդամէնը մէկ օրուան ընթացքին ռուսերը ականանետներէ, հրետանիէ, «Կրատ» համակարգերէ, անօդաչու թռչող սարքերէ, հրասյլերէ եւ ինքնաթիռներէ 531 արկ արձակած են Խերսոնի ուղղութեամբ։ Գործարկուած է նաեւ մէկ թեւաւոր հրթիռ։ Բուն Խերսոն քաղաքի ուղղութեամբ արձակուած է 11 արկ։